ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Մայիս 24ին կայացած Ազգային ժողովի նիստին, Գեղարքունիքի մարզպետ Նուէր Պօղոսեան յայտարարած է, թէ Սեւանայ լիճի ջուրին մակարդակը կը բարձրանայ՝ դժուարացնելով շարք մը աշխատանքներու իրականացումը:
Անոր խօսքերով, անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, Սեւանայ լիճի ջուրին մակարդակը բարձրացած է աւելի քան 60սմ:
Մարզպետին հաւաստումով, եթէ լուրջ քայլեր չիրականացուին, յատկապէս տեղատարափ անձրեւներու առկայութեան պարագային, այդ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ մերձափնեայ մաքրման աշխատանքները աւելի պիտի դժուարանան.
«Ասֆալթապատման խնդիր է առաջացել, քանի որ ընդամէնը 15 օրուան ընթացքում ճանապարհներ են անցել ջրի տակ, ինչպէս նաեւ անտառներ են մնում ճահիճների տակ», ահազանգած է մարզպետը եւ շեշտած, թէ կառավարութիւնը պէտք յատուկ միջոցներու դիմէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.