ՆԻՒ ՏԵԼՀԻ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթ, Մայիս 22ին, «Պոյինկ 737-800» տիպի օդանաւ մը վայրէջքի ընթացքին ջախջախուեցաւ հարաւային Հնդկաստանի մէջ, պատճառելով 158 զոհ, մինչ ութ ճամբորդներ փրկուեցան։
Օդանաւին «սեւ տուփ»երը արդէն իսկ գտնուած են օդանաւին բեկորներուն մէջ։
Զոհերուն մեծ մասը Տուպայ աշխատող հնդիկներ էին, որոնք «Էր Ինտիա էքսփրէս» օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւով կը վերադառնային Հնդկաստան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.