ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ուրբաթ, Մայիս 21ին, թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ Օսման Պեքլէյենի ստորագրութեամբ կը կարդանք, թէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատերուն նշանաւոր քանդակները վաւերագրական աղբիւր դարձած են տեսակը սպառած անասուններու ուսումնասիրութեան համար։
Վանի համալսարանի բնագիտական բաժնի դասախօսներէն դոկտ. Էօզտեմիր Ատըզելի կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մէջ կը նշուի, թէ կարելի եղած է ստուգել գոյութիւնը երեսուն տեսակ թռչուններու եւ գիշատիչ անասուններու, որոնք այդ հողատարածքին վրայ ապրած են ու հիմա այլեւս անհետացած են:
Ասոնց կարգին է՝ «Անատոլուի յովազը, որ 1970ականներէն ի վեր անհետացած է. կարգ մը թռչուններ ու լեռնային այծեր կամ եղնիկներ, որոնք հոս ապրած էին 1100 տարի առաջ, այսօր ալ կ՛ապրին, բայց անոնց շատ յաճախ չենք հանդիպիր», կ՛ըսէ գիտնականը։
«Եկեղեցւոյ պատերուն վրայ հինգ տարբեր սերունդներու քանդակներ գոյութիւն ունին։ Տեղադրուած երկու սերունդներու քանդակները կը վերաբերին հաւատքի ու մշակոյթի հարցերու։ Յաջորդող սերունդներու քանդակները կը վերաբերին այդ հողատարածքին վրայ ապրած անասուններուն», կ՛աւելցնէ ան։
Թերթը կ՛աւելցնէ հետեւեալ տուեալները. «Եկեղեցին տարիներ շարունակ մնաց աւերակ վիճակի մէջ։ 1951ին օրակարգի բերին զայն քանդելու առաջարկը, որուն դէմ դրին «Ճումհուրիյէթ»ի Վանի թղթակից Իլիաս Քիթապճը ու գրագէտ Եաշար Քեմալի։ 2005-2007 թուականներուն եկեղեցին վերանորոգուեցաւ իբրեւ քայլ մը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու գործին մէջ։ Իսկ հիմա արտօնուեցաւ, որ արարողութիւն կատարուի Սեպտեմբեր 19ին»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.