ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Վերջին քանի մը օրերուն, մեր՝ հայկական դիւանագիտական-քաղաքական բերդէն ներս քանի մը կոլեր արձանագրուեցան։
Եւրոպական Խորհրդարանի թուրք նախագահ Չաւուշօղլու, Հայաստան իր այցելութեան օրերուն, վարուեցաւ չաւուշի պէս, արհամարհեց տարրական սպասումներ եւ ընկալեալ դրութիւններ, մեր պետական այրերը բարի գառնուկներու պէս վարուեցան չաւուշանման «գայլին» հետ ու… կոլ մը (հաւանաբար մէկէ աւելի) ընդունեցին մեր բերդէն ներս։
Չաւուշօղլուի այցելութեան ստեղծած փոթորիկին փոշին դեռ չէր նստած, երբ նոյնինքն Եւրոպական Խորհրդարանի բեմէն արձակուեցաւ «Հայաստան Ատրպէյճանէն հող բռնագրաւած է ու պէտք է պարպէ այդ հողերը» ամբաստանութիւնը։ Սա կայն խորհրդարանն է, որ իրազեկ է պատմութեան, գիտէ, թէ Հայաստանի եւ դրացիներու յարաբերութիւնները ինչպիսի՛ կարմիր էջերէ անցած են անցեալ տասնամեակներուն, եւ վերջին աւելի քան 20 տարիներուն, քանիցս արդար կեցուածք ճշդած է Ցեղասպանութեան հարցով։ Հիմա, կա՛մ յիշողութեան տկարութենէ տառապելով, կամ ալ թուրք-ազերիական աշխոյժ դիւանագիտութեան ստապատիր արշաւներէն տարուելով (առանց անտեսելու Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի նկատմամբ շահադիտական իր հաշիւները), յանկարծ Հայաստանը կ՛ամբաստանէ իբրեւ «բռնագրաւող»։
Անդին, իսլամական երկիրներու համախմբումին արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը եւս նոյնիմաստ մեղադրանք մը արձակեց Հայաստանի դէմ, բանաձեւելով «ազերիական հողերու» պարպումի գրեթէ միեւնոյն պահանջը։
…Ամիս մը առաջ, Հայաստանի նախագահին ծանօթ յայտարարութիւնը՝ փրոթոքոլներու սպառման մասին, Թուրքիոյ տրուած կարեւոր հարուած մըն էր քաղաքական ու դիւանագիտական իմաստով։ Յետոյ, բռունցքները դարձեալ վար դրուեցան ու ինկանք մեղմանուշ թմբիրի մը մէջ, ասպարէզը ազատ ձգելով Թուրքիոյ դիմաց (որ, յամենայնդէպս, դիւանագիտական «հրաշագործութիւններ» կ՛ընէ շրջանային այլ տագնապներու բեմերուն վրայ)։
Ստեղծուած վիճակը կը յիշեցնէ սուրիացի կատակաբանի մը մէկ վիճակը. կը պատմէ, թէ այսինչին հետ կռիւ ըրած է, 10 հարուած փոխանակած են։ «Առաջին եւ երրորդ հարուածը ես տուի, մնացեալը ինք տուաւ», կը բացատրէր հպարտ-հպարտ։
Նման իրերայաջորդ կոլեր կրնան ստացուիլ նաեւ յառաջիկային, եթէ կրաւորականութիւնն ու սպասողականութիւնը ըլլան մեր իշխանաւորներուն ու դիւանագիտութիւնը վարողներուն հիմնական վարքագիծը։ Օրինակի համար, Ծոցի ու այլ երկիրներու հետ առեւտրական ու այլ կալուածներու մէջ Հայաստանի գործակցութիւնը ըստ բաւականին աշխոյժ է. արաբական մամուլը ընդհանրապէս, եւ շնորհիւ միջին արեւելեան երկիրներու մէջ մեր Դատին ի նպաստ տարուած ու տարուող աշխատանքներուն, ընդհանրապէս արդար մօտեցում կը ցուցաբերէ մեր իրաւունքերուն նկատմամբ։ Ի՞նչ կը պակսի մեզի, որ Արցախի մէջ ՄԵՐ ԱՐԴԱՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ մասին, համապատասխան ու քիչ մըն ալ աւելի սուր նախանձախնդրութեամբ աշխոյժ տեղեկատուութիւն կատարուի պետակա՛ն շրջանակներու մօտ։ Ի՞նչ կը պակսի մեզի՝ Արցախի հայկական պատկանելիութեան ու ազերիական երէկի բռնադատութիւններուն մասին հիմնական տեղեկատուութիւն կատարուի նոյնինքն եւորպական ընտանիքին մօտ, մանաւանդ որ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները մեզի չափ տառապած են խորհրդային կամայականութիւններու հետեւանքով, շա՛տ աւելի դիւրութեամբ կրնան կանգնիլ մեր արդար իրաւուքներուն կողքին, մինչդեռ ահա Պուլկարիոյ պէս երկիր մը քանի՛երորդ անգամ ըլլալով դիրք կը բռնէ ի նպաստ Թուրքիոյ, ի վնաս արդարութեան ու հայութեան արդար իրաւունքներուն։
Տեղ մը բան մը պէտք է աւելի ուժեղ շարժում արձանագրէ մեր իրաւուքներուն պաշտպանութեան համար։ Պետական քայլերը պէտք է զուգորդուին Հայ Դատի արդար լուծման ոչ-պետական քայլերուն հետ։ Արցախի հարցին լուծման համար, մեզի հրամցուած անընդունելի եւ անարդար տարազները քիչ մը «նազ-ճիլվէ»ով ընդունելու տրամաբանութիւնը պէտք է փոխարինուի «ճանչցէք մեր իրաւունքները», «լուծումներ փնտռենք պատմական անարդարութիւններ ու շարունակուող խեղաթիւրումներ շրջելու» կեցուածքով։
Այլապէս, մէկի դէմ տասը կոլ ստանալով, այս մրցումին ընթացքը գիտենք թէ ո՛ւր կրնայ առաջնորդել մեզ։