1970ին, ՀՕՄի մեծ ընտանիքը, աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ արժանավայել կերպով տօնեց իր հիմնադրութեան 60ամեակը:
ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը 60ամեակի առթիւ իրագործեց երեք ծրագիրներ.-
1.-Լայնածաւալ հանգանակութիւն մը սկսաւ, Միացեալ Նահանգներու հայաշատ քաղաքի մը մէջ, ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարան մը հիմներու համար:
2.- Հրատարակեց «ՀՕՄի Յուշամատեան»ը, ուսումնասիրութեամբ ընկ. Մերուժան Օզանեանի եւ խմբագրութեամբ ընկհ. Սիրանոյշ Մխիթարեանի: Հոն կը ներկայացուի ՀՕՄի ամփոփ բայց համապարփակ պատմութիւնը, 1910էն մինչեւ 1970:
3.- Հրապարակ իջեցուց հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով վաւերագրական շարժանկար մը՝ «The heart of a Nation» («Ազգի մը Սիրտը»), ուր ցոյց կր տրուի ՀՕՄի ծագումը եւ գործունէութիւնը: Հայերէն բնագրին հեղինակն ու պատմիչն է ընկհ. Փըրսի Սարգիսեան, իսկ բեմադրիչը՝ Տիթրոյթաբնակ երիտասարդ մը՝ Հրայր Թուխանեան: Թուխանեան 1972ին, Նիւ Եորքի մէջ, 14րդ Միջազգային Ֆիլմերու Փառատօնին, ոսկի մետալ շահեցաւ ՀՕՄի վերոյիշեալ շարժապատկերին համար:
1970ական թուականներուն Մերձաւոր Արեւելքի հայկական գաղութները գրեթէ ինքնաբաւ դարձած էին: ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի 2500 եւ աւելի ՀՕՄուհիները նոր բնաբան մը որդեգրելով՝ «Աշակերտ մը պահէ հայ վարժարանին մէջ», իրենց ուժերը կը կեդրոնացնեն 1960ական թուականներուն սկսած ամերիկահայ գաղութի կրթական զարթօնքին վրայ: Անոնք կը խորհին, կը ծրագրեն, ապա կը գործադրեն հետեւեալ ձեռնարկները.-
1.- ՀՕՄի Հայագիտական Նիւթերու Ամառնային Դասընթացքները կը սկսին Յուլիս 1971ին, Պոսթընի համալսարանին մէջ, ուր հայ համալսարանական ուսանողներ, մասնագէտ դասախօսներու շունչի տակ, հայագիտական խտացեալ դասընթացքներու կը հետեւին 3-4 շաբաթ: Այս դասընթացքներուն նպատակն էր եւ է երիտասարդը հայկականութեամբ գօտեպնդել, որպէսզի օտարներուն առջեւ նկուն չզգայ եւ իր բաժինն ալ բերէ մեր բազմադարեան ազգի վերելքին:
Յուլիս 26, 1997ին, Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջ. Վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ վերամիացում կամ վերախմբում մը (Reunion) տեղի ունենայ Պոսթընի ՀԵԴի «Հայաստան» ճամբարին մէջ, այն ուսանողներուն համար, որոնք հետեւած են ՀՕՄի Ամառնային դասընթացքներուն, 1971էն ի վեր:
2.- 1971էն սկսեալ, Մասաչուսէթ նահանգի Էմէըրսթ համալսարանէն ներս հայերէն լեզուի դասեր կը սկսին տրուիլ ուսանողներուն, որոնց ծախսերը կը հոգան ՀԲԸՄը, ՆԱՍՐը եւ ՀՕՄը:
3.- ՀՕՄի հիմնադրութենէն 63 տարիներ ետք իրականացաւ իր փայփայած երազներէն մէկը՝ ՀՕՄի անունով ամէնօրեայ հայկական վարժարան մը ունենալ: Եւ ահա 5 Սեպտեմբեր 1973ին, Տիթրոյիթի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովանիին տակ, բացուեցաւ ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանը, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի չորս դասարաններով: ՀՕՄի 60ամեակէն ի վեր սկսած հանգանակութիւնները «Փրկէ այսօր, վաղը ուշ կ՛ըլլայ» նշանաբանով, հասած էին իրենց նպատակին:
4.- Նոյնպէս, Սեպտեմբեր 1973ին, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կից բացուեցաւ ՀՕՄի «Սոֆիա Լ. Յակոբեան» մանկապարտէզը, 3-5 տարեկան մանուկներու համար: Հիմնադրամը գոյացած էր «Սոֆիա Լ. Յակոբեան» կտակէն՝ 25,000 տոլար:
5.- Ամառնային Երկամսեայ Դպրոցներ Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ: Մօտաւորապէս 250 աշակերտներ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ, Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն, օրական 6-7 ժամ կը սորվին հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն, երգ, պար, եւայլն: Այս երկամսեայ դպրոցները շատ օգտակար կը հանդիսանան ազգապահպանման գործին, եւ որոնց համար ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը որոշ գումար կը յատկացնէ ամէն տարի:
6.- Ազգ. Ուսումնական Խորհուրդը (ANEC) Արեւելեան շրջանին մէջ, բաղկացած Ազգային Վարչութեան եւ ՀՕՄի նշանակած ատակ անձերէ, ամէն ճիգ կը թափէ բարելաւելու մօտ 31 Շաբաթօրեայ դպրոցները, որոնց պիւտճէն կը հոգան Ազգ. Վարչութիւնը եւ ՀՕՄը հաւասարապէս:
7.- Կրթաթոշակ կը տրուի ամերիկածին կամ արտասահմանէն եկած ուսանողներու, որոնք կ՛ամբողջացնեն հետեւեալ պայմանները.-
ա.- Պահանջ կամ կարիք.
բ.- Դպրոցական նիշեր.
գ.- Մասնակցութիւն ազգային կեանքի:
8.- Ամէնօրեայ վարժարաններու տարեկան յատկացում, ինչպէս՝ ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարանին՝ Տիթրոյիթ, ՀՕՄի «Սոֆիա Լ. Յակոբեան» մանկապարտէզին՝ Մոնթրէալ, «Յովնանեան» վարժարանին՝ Նիւ Ճըրզի, Հայ Քոյրերու վարժարանին, Ֆիլատելֆիա, «Ֆերահեան», «Մեսրոպեան», «Ալէք Փիլիպոս» վարժարաններուն՝ Քալիֆորնիա, եւայլն:
1974ին, ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի ամէնօրեայ վարժարանի շէնքի շինութեան, նոյնպէս «Ֆերահեան»ի շէնքի շինութեան 10,000ական տոլար յատկացուց:
9.- 1970-1980 ՀՕՄը շարունակեց որդեգիր սաներ պահել արտասահմանի վարժարաններուն մէջ, մինչեւ իրենց ուսման աւարտը: Ամերիկածին սան մը կամ երկու ուղարկել «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան, հոգալու անոր ուսումնական ծախսերը: Կրթական յատկացումներ ընել արտասահմանի հայկական վարժարաններուն եւ Հալէպի «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանին, հիմնադրութեան օրէն ի վեր, առանց ընդմիջումի:
10.- ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը նաեւ օգնութեան ձեռք երկարեց Լիբանանի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին (հիմնուած Ապրիլ 28, 1926ին, Ճիպէյլի մէջ) եւ «Անարատ Յղութեան Քոյրերու Որբանոց»ին (հիմնուած 1948ին, Զմմառ, Լիբանան, Կարտինալ Աղաճանեանի կողմէ, 5-15 տարեկան որբ աղջնակներու համար):
11.- ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը գումար ուղարկեց նաեւ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան, թանկարժէք մագաղաթներու վերակազմութեան համար:
12.- 70ական թուականներուն ՀՕՄը դարձեալ նեցուկ կանգնեցաւ Պոսթընի ՀԵԴ ճամբարին, Մոնթրէալի «Արարատ» ճամբարին եւ արտասահմանի կազդուրման կայաններուն:
Կրթական օժանդակութիւններէն բացի, ՀՕՄը չմոռցաւ իր խնամատարական պարտականութիւնները ծեր ու մենաւոր ազգակիցներու, անօգնական մտաւորականներու եւ նախկին ուսուցիչներու, որոնք իւրաքանչիւրին յատկացուց 50-300 տոլար:
ՀՕՄի Կեդր. Վարչութեան Ընկերային Ծառայութեան Յանձնախումբն ալ օգնեց նոր եկողներու գործի, տունի, ընկերային շրջանակի եւ այլ փնտռտուքներու մէջ: Օգնեց երիտասարդներուն՝ մշակութային, ընկերային, կրթական, ճամբարներու եւ կրթաթոշակներու հարցերով, օգնեց տարեցներուն՝ քաղաքացիական, բժշկական, հանգստեան տուներու եւ այլ ծառայութիւններ մատուցելով:
1975ին պայթեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ ՀՕՄը իր կարգին, տագնապի առաջին օրերուն, Լիբանանի Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) Շրջ. Վարչութեան տրամադրութեան տակ դրաւ 10,000 տոլար, ապա Ազգ. Առաջնորդարանին հետ միասնաբար համազգային հանգանակութեան արշաւ մը սկսաւ եւ առաջին հերթին Լիբանան առաքեց 100,000 տոլար: ՀՕՄի օժանդակութիւնը շարունակուեցաւ տարիներ, մինչեւ տագնապին աւարտը:
1975ին, Միացեալ Նահանգներու Կրթական Գրասենեակէն ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը ստացաւ 38,000 տոլարի նպաստ մը (grant), գործածելու համար Ազգային Ժառանգութեանց Ուսուցման (Ethnic Heritage Project): Այս գումարով ՀՕՄի Ազգ. Ժառանգութեան յանձնախումբը մինչեւ 1977 իրագործեց հետեւեալ ուսումնական ծրագիրները.-
1. Ծագում – «ընտանեկան ծառ» կազմել.
2. Հայկական հողերու, լեռներու, լիճերու եւ գետերու քարտէս մը պատրաստել.
3. Պատմութիւնը երեւան հանել ուսումնասիրելով հայկական ձեռարուեստը.
4. Հայ եկեղեցւոյ ճարտարապետական յատկանիշները- խաւաքարտով շինել հայկական ոճով եկեղեցի մը.
5. Հայկական խաչքարերը.- գաճի վրայ փորագրել խաչքար մը.
6. Հայկական միջնադարեան տարազներ ներկել, կտրել եւ պուպրիկներու վրայ հանգչեցնել.
7. Տեսարաններ եւ ձայներիզներ Հայաստանէն.
8. «Անոնք Արարատէն Եկան» («They Came from Ararat»), 80 սահիկներ ամերիկահայ գաղութի ծագման մասին:
1975-1980, ՀՕՄը իր ընթացիկ գործերուն հետ զուգահեռաբար, ի խնդիր կազմակերպութեան ուժեղացման եւ ընդլայնման, աշխարհատարած եւ ժողովրդավար միութիւն ըլլալու համար, աշխատեցաւ իր կառոյցը բարեփոխել, որպէսզի.-
ա.- «ՀՕՄի բոլոր շրջանները, ներառեալ Հիւսիսային Ամերիկայի շրջանը, գործեն իբրեւ ինքնավար ամբողջութիւններ եւ կեդրոնանան իրենց շրջանի կարիքներուն վրայ: Բայց, միեւնոյն ատեն,
բ.- «ՀՕՄի բոլոր շրջանները միասնաբար աւելի սերտ եւ հաւասար ձեւով մասնակցին համահայկակն բնոյթ ունեցող գործունէութիւններու եւ պատասխանատուութիւններու» («Հայ Սիրտ», թիւ 146, էջ 8, 1980):
1979ին, ՀՕՄի 59րդ Պատգամաւորական ժողովը որդեգրեց այս բարեփոխութիւններու հիման վրայ պատրաստուած երկու վաւերագրեր.-
ա.- Համահայկական ՀՕՄի Ծրագիր-Կանոնագիրը.
բ.- Հիւսիսային Ամերիկայի ՀՕՄի Ծրագիր-Կանոնագիրը:
Վերոյիշեալ կառոյցի փոփոխութիւնը, դժբախտաբար տագնապ ստեղծեց ՀՕՄի շարքերէն ներս եւ որոշ թիւով անդամներ կազմակերպութենէն հրաժարեցան:
ՀՕՄը միացաւ Հայաստանի Կարմիր Խաչին: 1920ին, Սեւրի դաշնագրով, Հայաստանի Կարմիր Խաչը իրաւունք ստացաւ մասնակցելու Միջազգային Կարմիր Խաչի 10րդ համագումարին, որ տեղի պիտի ունենար 1921 Մարտին, Ժընեւի մէջ, սակայն 2 Դեկտեմբեր 1920ին, մանուկ Հանրապետութեան անկումով, ՀՕՄի ներկայացուցիչ՝ տոքթ. Ղեւոնդ Մ. Աճէմեան, դիտողի հանգամանքով ներկայացաւ համագումարին, բայց իր անկեղծ խօսքերով զանոնք ներշնչեց եւ մղեց, որ Միջազգային Կարմիր Խաչը շատ օգտակար հանդիսանայ հայութեան:
1978ին, ՀՕՄը իբրեւ Ոչ-Կառավարական կազմակերպութիւն (NGO) անդամակցեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (UN) եւ իր ներկայացուցիչներով կանոնաւորապէս սկսաւ մասնակցիլ կրթական, ընկերային, մշակութային եւ առողջապահական հարցեր շօշափող ժողովներուն:
Այսպիսով, ՀՕՄը սկսաւ մեծապէս օգտուիլ սնունդի, մանուկներու, ծերերու, անկարներու, կիներու եւ այլ նիւթերու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններէն:
Ահաւասիկ տասնամեակ մը, երբ ՀՕՄը իր եկամուտին 60 առ հարիւրը կրթական նպատակներու տրամադրեց, որովհետեւ ա՛յդ էր այդ տարիներուն պահանջը: Լիբանանի տագնապն ալ մեծ մարտահրաւէր մը եղաւ ամբողջ հայութեան համար, եւ ՀՕՄուհիները, հայուհիի վայել վճռականութեամբ եւ կորովով՝ ծառացած մեծ աղէտի դիմաց: Արդեօ՞ք պիտի գայ Թումանեանի երազին պէս օր մը.-
«Լինէ՜ր հեռու մի անկիւն,
Լինէ՜ր մանկան արդար քուն,
Երազի մէջ երջանիկ,
Հաշտ ու խաղաղ մարդկութիւն»:
. . . .
Ինչո՞ւ ոչ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.