ԵՐԵՒԱՆ.- Մայիս 27ին, ներկայութեամբ համակիրներու եւ հիւրերու, բացումը կատարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին:
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան այս առթիւ շեշտեց, որ երկրի պետականութեան կայացման գործին երիտասարդները ներգրաւելու համար ստեղծուած կեդրոնը պիտի դառնայ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի տունը, եւ անոր դռները բաց պիտի ըլլան ոչ միայն դաշնակցական երիտասարդին առջեւ: Երիտասարդական կեդրոնի վեց յարկաբաժիններուն մէջ յատուկ տեղեր յատկացուած են նաեւ երեխաներու համար:
«Այսօր 120ամեայ Դաշնակցութիւնը հայրենիքում երիտասարդական կենտրոն է բացում, ինչը կարող էր տարիներ առաջ երազ թուալ», իր հերթին նշեց ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան (ՀԵՄ) ներկայացուցիչ Արթուր Ղազարեան եւ յայտնեց, թէ ինք հպարտ է, որ նորաբաց կեդրոնը կը կրէ ազգային եւ կուսակցական ականաւոր գործիչ, 1918 հերոսամարտի կազմակերպիչ եւ առաջին հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի անունը:
«Երիտասարդութիւնը մեր հասարակութեան ամենակարեւոր շերտն է, երիտասարդութիւնը Դաշնակցութեան յոյսն է, որովհետեւ երիտասարդութիւնը բիւրեղ է, մաքուր է, անմեղ է, համարձակ, է, սկզբունքային է, եւ այդ երիտասարդութեանը պէտք է կարելիութիւններ ընձեռել, որպէսզի կարողանան կազմակերպուել, ինքնակազմակերպուել, ինքնաղեկավարուել, ղեկավարուել: Դա Դաշնակացութեան համար ամենակարեւոր գործօնը պէտք է լինի», յայտարարեց ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.