ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ Թուրքիոյ զինուորական ուժերուն կողմէ աւանդութեան վերածուած գարնանային յարձակումները դարձեալ սկսած են, հակառակ քրտական հարցով Թուրքիոյ կառավարութեան խոստացած նոր քաղաքականութեան: Այս առիթով գրուած եւ «Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթի Մայիս 22-28ի թիւին մէջ լոյս տեսած յօդուածին մէջ կը նշուի, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավարներէն Մուրատ Քարայըլան ամբողջական զինադուլ հաստատելու պայմաններ սահմանած է՝ պնդելով, թէ քիւրտ յեղափոխականները արդէն իսկ կը յարգեն անցեալ տարի հռչակած իրենց զինադադարը եւ միայն ինքնապաշտապնութեան համար կրակ կը բանան: Ան իբրեւ պայման նշած է հետեւեալները. կուսակցութեան ցմահ բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանի բանտարկութիւնը փոխարինել տնային կալանքով, դադարեցնել Թուրքիոյ զինեալ ուժերու գործողութիւնները Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ եւ ազատ արձակել քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան 1500 բանտարկուած անդամները: Ան նաեւ յիշեցուցած է, թէ թրքական բանակը չի կրնար մարտական գործողութիւններով պարտութեան մատնել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը:
Թերթը կ՛եզրակացնէ գրելով, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ուշ կամ կանուխ ստիպուած պիտի ըլլան բանակցելու Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ, տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով:
Քիւրտերը սիրաշահելու նպատակով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի խոստումները բաւարար չեն, որովհետեւ անոր արարքները ցարդ ցոյց կու տան, թէ ան բաւարար լրջութեամբ չի մօտենար այս հարցին:
Անցեալ տարի սկսած քիւրտ զինեալներուն ներում շնորհելու գործընթացը առաջին քայլէն իսկ ձախողութեան մատնուեցաւ, երբ Էրտողան, տեղի տալով բանակին ու ազգայնամոլ շրջանակներուն՝ առաջին խումբին Թուրքիա վերադարձէն ետք զայն կասեցուց, երբ անոնք յաղթանակի նշաններ պարզեցին, ու ապա, 7 թուրք զինուորներ սպաննուեցան:
Օրին շատ մը մեկնաբաններ պնդեցին, թէ նշեալ յարձակումը կազմակերպուած էր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ծայրայեղ թեւին կողմէ, սակայն Էրտողան այդ յարձակումը շահագործեց՝ ցոյց տալով, որ պատրաստ չէ արմատական փոփոխութիւն մտցնելու քիւրտերու նկատմամբ Անգարայի քաղաքականութեան մէջ: Էրտողան մինչեւ այսօր նաեւ կը մերժէ գործակցիլ երկրի միակ քրտամէտ կուսակցութեան հետ՝ զայն նկատելով Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կամակատար մը, դէմ դնելով տագնապը դիւանագիտութեամբ լուծելու բոլոր ջանքերուն: