ՄԱՐԻ ԹՐԹՌԵԱՆ
Փասատինայի տարեցներու միութեան Մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Մայիս 6ին, Ֆութհիլ փողոցի վրայ գտնուող Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ 35 անդամներու:
Ներկայ էին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Պապօշեան, ինչպէս նաեւ Էնսինոյի ու Լա Քրեսենթայի քոյր միութիւններէն անդամներ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ Ռաֆֆի Ճաւաթեան ու Աղանուր Շաֆրազեան:
Սրահի մուտքին, վարչութիւնը իւրաքանչիւր մօր նուիրեց մեխակ մը:
Յայտագրին բացումը կատարեց երգիչ Նշան æաղացպանեան՝ երգելով «Մեր Հայրենիք» քայլերգը, որմէ ետք քահանան օրհնեց սեղաններն ու սեղանակիցները:
Ապա վարչութեան ատենապետուհի Մարի Թրթռեան բարի գալուստ եւ ուրախ ժամանց մաղթեց բոլորին՝ շնորհաւորելով Մայրերու օրը, եւ այս առիթով կարդաց Սիլվա Կապուտիկեանէն բանաստեղծութիւն մը՝ հրաւիրելով բոլորը, որ միասնաբար տօնեն «մեր բոլորի սրտին մէջ յատուկ տեղ ունեցող Մայրերու Օրը»:
Ապա ան հրաւիրեց «առաջին մայրը»՝ Արփի Իւթիւճեանը, եւ «երկրորդ մայրը»՝ Սոնա Ուրֆալին, ներկայացնելով անոնց հակիրճ կենսագրականը: Անակնկալի մատնուած ըներուհիները ուրախութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեցին վարչութեան:
Ապա, շրջանիս հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Պապօշեանը փոխանցեց իր սրտին խօսքը՝ շնորհաւորելով մեծարեալ մայրերը, եւ թելադրեց ներկաներուն, որ յարգանքով մօտենան իրենց մայրերուն եւ լաւապէս արժեւորեն անոնց յատկանիշները:
Իր կարգին, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Աղանուր Շաֆրազեան շնորհաւորեց գնահատուող մայրերը եւ յաջողութիւն մաղթեց վարչութեան:
Հրաւիրուեցաւ նաեւ Էնսինոյի վարչութեան ատենապետ Սուրէն Գահուէճեանը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցեց ու շնորհաւորեց մեծարեալ մայրերը, ապա ձեռնարկը ճոխացուց իր երգերով, յատկապէս՝ ուրֆացիներու քայլերգով:
Օրուան անակնկալն էր Փասատինայի վարչութեան կողմէ իրենց ատենապետուհի Մարի Թրթռեանին յանձնուած պատուոյ գնահատագիրը, որմէ ետք ատենապետուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան՝ դրուատելով անոր յոյժ կարեւոր ներդրումը:
Այս բոլորէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ երգիչ Նշան æաղացպանեան, որ ազգային ու յեղափոխական ճոխ երգերով փայլք տուաւ ձեռնարկին: Վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց երգիչին:
Ներկաները խանդավառ ու գոհունակ սրտերով բաժնուեցան սրահէն՝ ուրախ Մայրերու օր մաղթելով ու դարձեալ տեսնուելու յոյսով: