Չորեքշաբթի, Մարտ 19ի կէսօրին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան վերջերս ընտրուած վարչութեան անդամներուն։ Այցելու պատուիրակութեան մաս կը կազմէին միութեան նախագահը՝ Գրիշ Դաւթեան, փոխնախագահը՝ Պօղոս Գուբէլեան, եւ անդամներ՝ Գէորգ Քրիստինեան, Ֆիրա Աքեան եւ Ներսէս Մեսրոպեան-Բալայեան։ Առաջնորդին կողքին, հանդիպման մասնակից եղաւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։
Գ. Դաւթեան առաջնորդին ներկայացուց պաշտօնակից գրողները։ Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու ընդհանրապէս հայ գրողն ու մասնաւորաբար Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութիւնը մտահոգող հարցերուն շուրջ։ Անոնք նաեւ ակնարկութիւն ըրին կարգ մը ծրագիրներու, ինչպէս՝ գրական թերթի մը հրատարակման։ Հիւր պատուիրակները նշեցին, թէ անհրաժեշտ է, որ մեր հասարակական կեանքին մէջ, գրողները աւելի ներգործօն դերակատարութեան հրաւիրուին. անոնք վեր առին ժողովուրդին ու յատկապէս նորահաս սերունդներուն եւ աշակերտութեան հետ գրողներու հանդիպումներու աշխուժացման կարեւորութիւնը։
Առաջնորդը ողջունեց միութեան ներկայացուցիչները, շնորհաւորեց նորընտիր վարչութիւնը եւ գնահատեց միութեան գործունէութիւնը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով արծարծուած մտահոգութեանց գծով ըստ կարելւոյն աջակցիլ միութեան ճիգերուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային, Ազգ. առաջնորդարանի սրահը տրամադրել միութեան գրական ձեռնարկներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.