Հայկական թատերական արուեստներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ յստակացած են երկտարեկան թատերագրութեան «Ուիլեըմ Սարոյեան» երկրորդ մրցանակի աւարտականին հասած երեք թատերագիրներուն անունները: Մրցանակակիրը, որուն անունը յայտնի պիտի դառնայ յառաջիկայ աշնան, պիտի ստանայ 10,000 տոլարի մրցանակ մը:
Աւարտականին հասած են՝ Ճոնա Էտըմզ՝ իր «Հռիփսիմէ» գործին համար, որ նուիրուած է սուրբ Հռիփսիմէի կեանքին, ինչպէս նաեւ Սեւան Կրին («Մոռցուած հացը») եւ Սիլվա Սեմերճեան («Ուրիշի զաւակը»): Այս վերջին երկու գործերէն առաջինը կ՛առնչուի Հայկական Ցեղասպանութեան եւ վերապրումի նիւթին՝ հիմնուած ականատեսներու վկայութեան վրայ, իսկ երկրորդը, որ տեղի կ՛ունենայ 1958ին, Պէյրութի մէջ, կը զննէ Ցեղասպանութեան ոչ բացայայտ հետեւանքները հայ ընտանիքի մը պատմութեան ընդմէջէն:
Ուիլեըմ Սարոյեանի հիմնարկին կողմէ 2007ին հաստատուած մրցանակին տնօրինումը յանձնուած է Հայկական թատերական արուեստներու միութեան, որուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armeniandrama.org համացանցային կայքը կամ նամակ մը յղել adaa@armeniandrama.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.