
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Մայիս 5ին հողին յանձնուած է Հայկական Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի հիմնադիր Ռիչըրտ Քլոյեանը: Թաղման արարողութեան ընթացքին անոր իրագործումներուն մասին խօսեցաւ Ծովածոցի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռոքսան Մաքասճեան, իսկ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագրի վարիչ Ռաֆֆի Մոմճեան կարդացած ցեղասպանակագէտներու եւ հայագէտներու կողմէ յղուած ցաւակցական գիրերը:
1937ին Տիթրոյիթ ծնած Քլոյեան իր սեփական ջանքերով եւ միջոցներով մէջտեղ բերած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնը, եւ խմբագրած էր 1980ականներուն լոյս տեսած՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին «Նիւ Եորք Թայմզ»ի եւ այլ թեթերու հրատարակած յօդուածներու ժողովածուն, որուն վերջին եւ ընդարձակուած օրինակը լոյս տեսաւ 2007ին, ընդգրկելով նաեւ Համիտեան եւ Ատանայի ջարդերուն մասին լրատուութիւններ:
Քլոյեան նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու պետական վարժարաններուն մէջ Ցեղասպանութեան դասաւանդում ապահովելու աշխատանքներուն մէջ, եւ խմբագրած էր շարք մը վաւերագրական գործեր Միացեալ Նահանգներու հանրային ձայնասփիւռի կայանին համար: Ան խմբագրած է 1919ին արտադրուած, սակայն անհետացած եւ վերջերս բացայայտուած Ցեղասպանութեան մասին առաջին շարժապատկերին՝ «Ravished Armenia»ի, 24 վայրկեաննոց տարբերակը:
Քլոյեան նաեւ խորհրդատու էր Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին եւ 2002ին պատւուած էր Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ իբրեւ՝ «Տեղացի հերոս»: