ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Էմնըսթի Ինթըրնաշիընըլ» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան հրապարակած 2010ի զեկոյցի Հայաստանին վերաբերող բաժինով ըսուած է, թէ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար մեղաւորները, ինչպէս առաջ, պատասխանատուութեան չեն ենթարկուած: Խօսքի ազատութիւնը սահմանափակուած է: Կատարուած են յարձակումներ լրագրողներու վրայ: Չէ վերացած քաղաքի կեդրոնը հանրահաւաք իրականացնելու արգելքը, որ դրուած է 2008ին, արտակարգ դրութեան ժամանակ: Կանանց ու աղջիկներու իրաւունքները պաշտպանելու միջոցները չեն համապատասխաներ միջազգային չափանիշներու: Կառավարութիւնը չէ կրցած իրական այլընտրանքային ծառայութիւն առաջարկել:
Իսկ «Համառօտ տեղեկանք» բաժինով, «Էմնըսթի Ինթըրնաշիընըլ»ը արձանագրած է, թէ Յունիս 19ին, Ազգային ժողովը յայտարարած է համաներում՝ 2008ի Մարտի իրադարձութիւններու միջոցին ձերբակալուածներուն համար: Համաներումը ընդգրկած է այն անձինք, որոնք չէին մեղադրուած բռնութիւններու համար, եւ որոնք դատապարտուած էին մինչեւ 5 տարի ազատազրկման:
«Էմնըսթի Ինթըրնաշիընըլ» նշած է նաեւ, որ որոշ առաջընթաց կայ հայ-ատրպեճանական բանակցութիւններուն մէջ: Զեկոյցին մէջ Ատրպէյճանի տարածքին իբրեւ «անքլաւ» ներկայացուած է Լեռնային Ղարաբաղը, որ մեծամասնութեամբ բնակեցուած է հայերով ու անջատուած է Ատրպէյճանէն՝ 1990ի պատերազմին հետեւանքով: Մոսկուայի մէջ Նոյեմբեր 2ին Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ստորագրած են համատեղ համաձայնագիր մը՝ ուղղուած միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ վէճի լուծման։
Ըստ զեկոյցին, «Անպատժելիութիւն» բաժինով՝ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը գրած է, թէ Հոկտեմբերին, ոստիկանութեան 4 աշխատակիցներու դէմ մեղադրանք ուղղուած է 2008ի Մարտ 1ին, քաղաքացիներուն դէմ ուժ կիրառելու համար: Մինչեւ տարեվերջ չէ իրականացած ոչ մէկ անկախ հետաքննութիւն՝ ապացուցելու համար, թէ ոստիկանութիւնը ուժ գործադրած է 2008ի իրադարձութիւններու ընթացքին: 2008ի Յունիսին ստեղծուած է խորհրդարանական յատուկ յանձնաժողով՝ իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու համար, սակայն, ըստ Amnesty International-ի, սոյն յանձնաժողովը աշխատանքի չէ անցած, քանի որ ընդդիմութիւնը հրաժարած է մասնակցելէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.