
«Ասպարէզ»ի մէջ Մայիս 12, 2010ին լոյս տեսաւ ՀՕՄի դարադարձի առթիւ երկու նկարներ, էջ 2 խմբանկարը՝ Քարէն Եփփէ ճեմարան-Հալէպ, Սուրիա, Հոկտ. 1949, ճեմարանի բացման 3րդ տարեշրջանն է. թիւով 61՝ երեք դասարաններու աշակերտներ ենք, որոնցմէ մաս մը եղած են ՀՕՄի սաներ. նկարուած՝ ուսուցչական կազմի եւ Խնամակալ մարմինին հետ. թուեմ անոնց անունները. վարէն բ. շարք՝ Մինաս Թէօլէօլեան (ոտքի), Ներսէս Պարսումեան, Յակոբ Աթիկեան, Գոհար Թէօլէօլեան, Զարեհ սրբ. Փայասլեան՝ Բերիոյ թեմի առաջնորդ, յետագային՝ Զարեհ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Վազգէն Սէլեան, Յ. Թագըրեան, Օ. Մելիքսէթեան, Յ. Էնճէճիկեան: Յիշենք կարգ մը աշակերտներու անուններ՝ ծանօթ իրենց հանրային գործունէութեամբ. Երանուհի Կ. Կարապետեան, Երուանդ Փամպուկեան, Յակոբ Պարսումեան, Արփինէ Ասլան, Արմէն Տօնոյեան, Վանուհի Իսաջանեան (եղած է ՀՕՄի Կ. Վ. ատենապետուհի), Յակոբ Պալեան, Վարդգէս Փափազեան, Երուանդ Տեմիրճեան, Աղաւնի Մալոյեան, Յասմիկ Նաճարեան: Բ. նկարը՝ Ճեմարանը 1947ին, դասի պահուն, ուսուցիչ Յ. Ինճէճիկեանի հետ: Աշակերտներէն՝ ձախէն 3րդը՝ Յասմիկ Նաճարեան, 4րդը՝ Գէորգ Չալըկեան, 7րդը՝ Հրայր Աւետեան: Նկարէն բացակայ են Երուանդ Փամպուկեան եւ Ե. æաղացպանեան: Այս 5 աշակերտները եղած են առաջին հունձքը ճեմարանին, 1953ին:
Ճեմարանի ուսումնական մակարդակը եղած է բարձր. առաջին շրջանաւարտներէն մաս մը յաջողութեամբ մասնակցած է ֆրանսական Ա. եւ Բ. պաքալօրիայի քննութեանց ու անոնցմէ Հրայր Աւետեանը ապահովելով բարձրագոյն միջինը՝ հանդիսացած է Սուրիոյ առաջինը՝ «պատիւ բերելով ճեմարանին ու հայ ազգին», ըսուած է իր մասին:
Քնար Մանճիկեան