ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Կիրակի, Մայիս 23ին, Հայկական շարժապատկերի հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանին մէջ, իրաւաբան Ուոլթըր Քարապեան յայտարարեց, թէ Սաթենիկ Միհայէլ որոշած է 250,000 տոլար նուիրել վարժարանին, ի յիշատակ այս տարի մահացած իր ամուսնոյն:
Ճաշկերոյթը կազմակերպուած էր պատուելու համար Հայկական շարժապատկերի հիմնարկին վարչութեան անդամակցելու ճամբով եւ համայնային այլ ծրագիրներու մասնակցելով՝ Քարապեանի երկարամայ սպասարկութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.