Իր Մայիս 31-Յունիս 6 թիւին մէջ եւ «Նոր Քեմալ մը» խորագրեալ յօդուածով, «Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը կը գրէ, թէ Թուրքիոյ մէջ իշխանութեանց ընդդիմացող շրջանակներուն համար նոր յոյս մը կը նկատուի Քեմալ Աթաթիւրքի հիմնած հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան նոր ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուն։ Թերթը հարց կու տայ, թէ նոր կուսակցապետը պիտի կարենա՞յ փոխել նախորդ ղեկավար Տենիզ Պայքալի իշխանութեան օրերուն բաւարար ազդեցութիւն չապահոված կուսակցութեան տեսակէտները:
Վերջին քանի մը ընտրութեանց տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրած իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ ան կ՛ընթանայ դէպի մենատիրութիւն: Ըստ թերթին, Քըլըճտարօղլու կրնայ այս ընթացքը խանգարել, եթէ բարեփոխումներու շնորհիւ փոխէ այն տպաւորութիւնը, թէ կուսակցութիւնը ընտրեալներու կուսակցութիւն մըն է՝ զայն աւելի մօտեցնելով ժողովուրդին։
Ըստ թերթին, Քըլըճտարօղլունի նախնական ելոյթները, որոնք ընկերվարական նախադասութիւններով զարդարուած են, կը ձգեն այն տպաւորութիւնը, թէ ան յաջողելու հաւանականութիւն ունի։ Սակայն, Քըլըճտարօղլու, ալաուի ու քիւրտ ըլլալով հանդերձ, ցարդ ոչինչ ըսած է ալաուիներու դէմ գործադրուած խտրականութեան մասին, իսկ քրտական հարցին մասին նուազագոյն հաստատումներով բաւարարուած է։ Գալով արտաքին քաղաքականութեան՝ ան գոհացած է ըսելով, որ յաւելեալ ուշադրութիւն պէտք է կեդրոնացնել Հնդկաստանի ու Չինաստանի վրայ։
Թերթը Քըլըճտարօղլուի ամենազօրաւոր յատկանիշը կը նկատէ անոր մաքուր անցեալը։ Թերթը կը նշէ, որ վերջին հարցախոյզներուն համաձայն, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը կրնայ քուէներուն 32 առ հարիւրը ապահովել, ինչ որ բաւարար պիտի ըլլայ առնուազն պարտադրելու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, որ իշխանութիւնը բաժնէ այլ կուսակցութեան մը հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.