
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 2 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հանգուցեալ Երուանդ եւ Հելեն Թերզեաններու յիշատակին, 75,000 տոլարի հիմնադրամ մը հաստատուած է՝ նպաստելու համար Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն:
Երկար տարիներով ամերիկահայ համայնքին եւ Հայ Դատի գործունէութեան նեցուկ կանգնած Թերզեաններուն այս հիմնադրամէն գումարներ պիտի տրամադրուին յատկապէս հայ համայնքը քաղաքական աւելի գործօն համայնք մը դարձնելու աշխատանքներուն եւ կրթական նպատակներու:
Արամ Ա. կաթողիկոսէն «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանին արժանացած Երուանդ Թերզեանը եւ կինը՝ Հելենը, գործօն դերակատարութիւն ունեցած են հայկական կազմակերպութեան աշխատանքներուն մէջ: