
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հինգշաբթի, Յունիս 3ին, ՄԱԿի մշակութային եւ կրթական հարցերու մարմինին՝ «Եունիսեֆ»ի, մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին, Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը իր երկրին մէջ իրականացուող կրթական եւ ընկերային շարք մը այլ ծրագիրներու մասին զեկուցելու ընթացքին պնդած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը շրջանի բարգաւաճման դէմ գլխաւոր խոչընդոտն է:
Հայաստանի ներկայացուցիչը հակադարձած է՝ նշելով պատմական իրականութիւնները: