ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատ Արցախ».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 4ին ընդունած է Արցախ ժամանած բրիտանական պատուիրակութիւնը՝ Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատի փոխխօսնակ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի ղեկավարութեամբ։ Երկրի ղեկավարը նշած է, թէ Քոքսի իւրաքանչիւր այցելութիւն, երկրին մէջ կը դիտուի իբրեւ լաւ իրադարձութիւն։ Ըստ Արցախի ղեկավարին, պարոնուհիին այցելութիւնը նպատակ ունի մի՛շտ բարին բերել Արցախին եւ այնտեղէն բարին տանիլ։
Իր 70րդ այցելութեան ընթացքին պարոնուհի Քոքս փորձած է կրկին անգամ հակիրճ կերպով արտայայտուիլ Արցախի անցեալին, ներկային եւ ապագային մասին։ Իսկ խօսելով իր գործընկերներուն մասին՝ ան նշած է, որ անոնք միաւորուած են իբրեւ Արցախի լաւ բարեկամներ, որուն իբրեւ երաշխիք՝ պարոնուհին վկայակոչած է այն հանգամանքը, որ իր համախոհներէն շատերը կը շարունակեն աշխարհին տեղեկացնել Ղարաբաղեան հակամարտութեան ճշմարիտ էութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին նաեւ խօսուած է Ստեփանակերտի վերականգնողական կեդրոնի դերին ու զայն աւելի արդիականացնելու անհրաժեշտութեան մասին։
Պարոնուհի Ք. Քոքս մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող հակաղարաբաղեան լայնածաւալ քարոզչութեան առնչութեամբ։ Ըստ անոր, Հայաստանն ու Ղարաբաղը պէտք է համարժէք քայլերու ձեռնարկեն այդ ուղղութեամբ, համոզուած ըլլալով, որ ծանր պատերազմի ժամանակ յաղթած երկիրը ի վիճակի է յաղթելու նաեւ քարոզչական պատերազմին, եթէ այդ ասպարէզին մէջ որդեգրէ լաւագոյն պաշտպանութիւնը։ Պարոնուհին նշած է, որ Ատրպէյճանի վարած հակաղարաբաղեան հետեւողական քարոզչութեան պատճառով է, որ «The Hallo Trust» կազմակերպութիւնը կը միտի 2011ին դադրեցնել կամ նուազեցնել իր աշխատանքները Արցախի մէջ։
Այդ գծով իր մտահոգութիւնը յայտնած է նաեւ ԼՂՀ նախագահը՝ նշելով, որ տակաւին կատարուած է ականներու վնասազերծման աշխատանքներու միայն 70 տոկոսը։ Ըստ նախագահին, Ատրպէյճանի հերթական աղմկոտ քաղաքականութեան առիթ դարձած են նաեւ Ստեփանակերտի օդանաւակայանի վերագործարկման աշխատանքները։ Ան յոյս յայտնած է, որ պարոնուհին եւ իր գործընկերները եւրոպական համապատասխան մարմիններուն մէջ իրենց կարելին կը փորձեն, որպէսզի մարդասիրական այդ աշխատանքները չստանան քաղաքական բնոյթ։
ԼՂՀ նախագահին հաւաստումով, այսօր քաղաքակիրթ աշխարհը չի նկատեր, թէ Արցախը այժմ հանդէս կու գայ ոչ միայն իբրեւ իր ժողովուրդին եւ իր սահմաններուն, այլ ողջ քաղաքակիրթ աշխարհին իւրատեսակ պաշտպան։ «Քանզի Ատրպէյճանը սպառազինութեան իր ծրագրերով իրականացնում է ժամանակակից ահաբեկչութիւն, ինչի բացասական ազդեցութիւնը կրում են ոչ միայն Արցախն ու Հայաստանը, այլեւ քաղաքակիրթ աշխարհը. տեղի է ունենում ակնյայտ կեղծութիւն, որն ընդունւում է։ Դրա դէմ դիմադրութիւնը տեսնում ենք ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, այլեւ քաղաքակիրթ բոլոր ժողովուրդների միջոցով», շեշտած է Բ. Սահակեան։
Ըստ Ք. Քոքսի, ականազերծումը մարդասիրական քաղաքականութիւն է, իսկ Ատրպէյճանի կողմէ վարուող քաղաքականութիւնը՝ «The Hallo Trust» կազմակերպութեան թոյլ չտալ Ղարաբաղի մէջ աշխատանքներ իրականացնել, ապարդիւն պիտի անցնի։
ԼՂՀ նախագահը բարձր գնահատած է պարոնուհի Քոքսի եւ անոր գործընկերներուն տարած գործունէութիւնը՝ ուղղուած Արցախին։
Երկրին ղեկավարը Քոքսի Արցախ կատարած յոբելինական այցելութեան առթիւ, զայն պարգեւատրած է արքայից արքայ Տիգրան Մեծի պատկերով արծաթէ դրամով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.