ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան տուեալներով, Յունիս 3ին, ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են գիւղատնտեսական հարցեր: Գարնանացանի արդիւնքներու մասին տեղեկութիւն հաղորդած է գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Վլադիմիր Զաքիյեանը: «Համեմատաբար լաւ ցուցանիշներ են գրանցուել եգիպտացորենի եւ հատիկընդեղէնի ցանքի գծով», նշած է ան եւ աւելցուցած, թէ տակաւին հնարաւորութիւններ կան այդ մշակաբոյսերու ցանքատարածութիւնները ընդարձակելու:
Վարչապետը իրաւասու մարմիններու պատասխանատուներուն յանձնարարած է առկայ գիտարուեստական ու կազմակերպական բոլոր աղբիւրները օգտագործել՝ հացահատիկային դաշտերու հրդեհումը կանխելու համար: «Հարկ է կիրառել նաեւ պատժիչ միջոցներ՝ հակահրդեհային միջոցառումները պատշաճ ձեւով չկատարողների նկատմամբ», յայտարարած է Արա Յարութիւնեան:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած է նաեւ կարկուտէն տուժած ցանքատարածութիւններու սեփականատէրերուն կրած վնասներու փոխհատուցման հարցը, որուն շուրջ վերջնական որոշումը պիտի կայացուի բերքահաւաքէն ետք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.