Անցնող շաբաթավերջին լոյս տեսած «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէկ խմբագրականին մէջ, թերթը 9 թուրքերու սպանութեան առաջնորդած Թուրքիա-Իսրայէլ միջադէպին գլխաւոր պատասխանատուն կը նկատէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը եւ կոչ կ՛ընէ հետաքննութիւն մը բանալու՝ Էրտողանին ու մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրող թրքական կազմակերպութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերը բացայայտելու նպատակով:
Թերթը կը նշէ, թէ Կազայի շրջափակումը ճեղքել փորձող բազմաթիւ նաւեր կասեցուցած իսրայէլեան ուժերը ցարդ ոչ մէկ պարագայի նման բախում մը ունեցած էին:
Թերթը նաեւ կը քննադատէ այն բաղդատականը, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու կատարած էր՝ նաւուն մէջ արձանագրուած միջադէպին ու Սեպտեմբեր 11ի ահաբեկչական յարձակումներուն միջեւ, եւ կ՛աւելցնէ, թէ Էրտողան այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ Իսրայէլի դէմ ամենազդու յարձակումը կատարելու նպատակով մրցակցութեան ելած է Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի եւ «Հըզպալլա»ի ղեկավար Հասան Նասրալլայի հետ:
Խմբագրականին վերջաւորութեան, թերթը Էրտողանի այս արարքներուն անուղղակի պատասխանատուն կը համարէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, որովհետեւ ան կը շարունակէ անտեսել Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները եւ «տեղի կու տայ Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ զգայնութեանց առջեւ»:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի բանակի սպայակոյտի պետի տեղակալ եւ ազգային ապահովութեան խորհուրդի նախկին ղեկավար Ուզի Տայան իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռ կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ մինչ «մարտանաւի դէպքին հարցով մեզի միջազգային հետաքննութեան յանձնախումբ մը պարտադրուի, պէտք է ինքնապաշտպանութեան հանգրուանէն անմիջապէս անձնինք յարձակումի՝ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին դէմ միջազգային դատ բանալով»։
Տայան նշեց, որ Էրտողան «ուղղակի կերպով ահաբեկչութեան կոչ ուղղեց, եւ եթէ ես Իսրայէլի վարչապետը ըլլայի, Էրտողանին յստակ կը դարձնէի, որ եթէ թրքական մարտանաւի մը վրայ Կազա գայ, իր ճակատագիրը Կազայի ծովեզերքին մօտ սպաննուածներու ճակատագրին նման պիտի ըլլայ։ Եթէ այս մէկը յստակ չդարձնենք, ապա անոր ինքնավստահութիւնը պիտի ամրապնդուի. այն, ինչ ներկայիս Էրտողան կ՛ընէ, անտանելի է։ Մարտանաւի վրայ Էրտողանի գալը կը նշանակէ, թէ Իսրայէլի դէմ պատերազմ կը յայտարարէ. ուստի պէտք է ճշդենք կարմիր գիծ մը, որուն շրջանցման պարագային՝ Էրտողանի նաւը պիտի ընկղմի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.