ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկ Նալպանտեան մէկն է USC համալսարանին դիմած եւ ընդունուած այն 28 ուսանողներէն, որոնք պիտի մասնակցին սովորականէն կանուխ համալսարան ընդունուողներու պատուոյ ծրագրին: Միացեալ Նահանգներու տարածքէն բազմաթիւ ուսանողներ դիմած էին այս ծրագրին: Հայկ նաեւ համալսարանէն կրթանպաստ ստացած է իր ուսման համար:
Անջրպետագնացութեան ճարտարագիտութեան մարզին հետեւիլ որոշած Հայկ գործօն մասնակից մըն է «Քլիվլընտ» երկրորդական վարժարանին ուսանողական կեանքին, եւ անոր պաշտօնաթերթին լուսանկարչական բաժանմունքին խմբագիրն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.