ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Փոքրիկ Հայաստանէն Թերեզա Երեմեան վերջերս յաջողութեամբ աւարտած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գարնանային վարժողական ծրագիրը՝ 14 շաբաթներու ընթացքին մօտէն ծանօթանալով համայնքային եւ պետական մակարդակներու վրայ Հայ Դատի տարած աշխատանքներուն, միաժամանակ գործնական մասնակցութիւն բերելով անոնց:
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ քաղաքական գիտութեանց եւ հաղորդակցութեան ուսմանց ճիւղեու երկրորդ տարուայ ուսանող Երեմեան, ծրագրին ծանօթացած է համալսարանին Հայ ուսանողական միութեան մէկ ժողովին ընթացքին եւ արդէն իսկ գործօն անդամ մը դարձած է Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբին:
Ան գործօն մասնակցութիւն բերաւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ի նպաստ քարոզչական արշաւին, ինչպէս նաեւ ներկայ եղաւ Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ կայացած Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն, ուր ան հանդիպումներ ունեցաւ նահանգային խորհրդարանի անդամներուն հետ՝ քննելով ամերիկահայութիւնը հետաքրքրող շարք մը հարցեր:
Ան մասնակից դարձաւ նաեւ Հոլիվուտի, UCLA-ի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ կայացած շարք մը ձեռնարկներու կազմակերպման:
Ան նաեւ առաջնորդեց Ապրիլ 23ին, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի մասնաճիւղերուն եւ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Union Rescue Mission»ի ջանքերով իրականացուած անտուն քաղաքացիներ կերակրելու ծրագրին մասնակցող կամաւորները:
Երեմեան նաեւ վարժողական շրջան մը անցուց ծերակուտական Պարպարա Պաքսըրի գրասենեակին մէջ եւ ծանօթացաւ համայնքէն ներս գործող հայկական կարգ մը կազմակերպութեանց գործունէութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.