Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Լայն իմաստով, ձայնը առաձգական միջավայրի մասնիկներու տատանողական (undulating, waving) շարժում է, որ ալիքներու ձեւով կը տարածուի կազերու, հեղուկներու եւ կարծր մարմիններու մէջ։ Ձայնը օդի ալիքային շարժում մըն է, որ կ՛ըմբռնուի մեր ուղեղին կողմէ, լսողական զգայարանին միջոցով։
Մեր ձայնը կազմուած է հնչիւններէ (sounds), որոնք կ՛արտադրուին խռչափողի մէջ զետեղուած ձայնալարերու (vocal cords) թրթռացումով։ Ան կը լայնարձակուի (amplify) գլխու եւ կոկորդի զանազան բաժիններու միջոցով եւ բերնէն դուրս ելլելով՝ կը տարածուի շրջապատին մէջ։ Մեր ձայնը կը գործածենք խօսելու, երգելու, խնդալու, լալու եւ բացագանչելու համար։ Անիկա մեծ դերակատարութիւն ունի մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Մեր ձայնը արտայայտուելու եւ հաղորդակցութեան միջոց մըն է եւ այս երկու յատկութիւններն են, որոնք մեզ կը զատորոշեն անասուններէն։
Ձայնի կազմաւորման մէջ կը գործեն երեք հիմնական կեդրոններ.
1. Թոքերը, որոնք կը ծառայեն իբրեւ մղիչ ուժ եւ կամ օդահան։ Արտաշնչումի ընթացքին թոքերը կը մղեն որոշ քանակութեամբ օդ՝ դէպի շնչափող (trachea) եւ խռչափող (larynx)։
2. Խռչափողը՝ իր ամբողջութեան մէջ, երկու ձայնալարերը, խռչափողային կռճիկները, մկանները եւ ջիղերը։ Խռչափողին մկանները կը պրկուին ուղեղային հրահանգներով. այս պրկումներուն պատճառով ձայնալարերը, որոնք կը գործեն իբրեւ թրթիռներ (vibrators), կը շարժին, իրարու կը մօտենան եւ անոնց հասակն ու հաստութիւնը կը փոխուի. իսկ թոքերէն դէպի վեր մղուած օդը իր ուժով կը թրթռացնէ ձայնալարերը, որոնք կ՛արտադրեն հնչիւններ. մարդու պարագային հնչիւնները կը կոչուին մարդկային ձայն։ Այս գործողութիւնը կ՛անուանուի ձայնատուութիւն (phonation)։
3. Հնչողական կեդրոններ՝ բերան, լեզու, քիմք, այտեր, շուրթեր եւ դէմքի խոռոչներ։ Ասոնք բոլորը կը գործեն իբրեւ ձայնի զտիչներ (filter) եւ կը ծառայեն խռչափողին մէջ արտադրուած ձայնի լայնարձակումին։
Իսկ ձայնատուութիւնը (phonation) կ՛արդիւնաւորուի հետեւեալ ազդակներով.
1. Առողջ եւ գործող թոքեր ու կրծքավանդակ (chest), ինչպէս նաեւ՝ բաւարար օդի ներշնչում:
2. Առողջ եւ գործող խռչափող, խռչափողային կռճիկներ, ձայնալարեր, մկաններ եւ ձայնալարերու ջիղեր:
3. Բնական բերանի, կոկորդի, լեզուի, այտերու, քիմքի, շուրթերու եւ դէմքի խոռոչներու կազմուածք։
Ձայնատուութիւնը լաւապէս հասկնալու համար պէտք է գիտնալ խռչափողի կազմուածքը։ Խռչափողը կը գտնուի շնչափողին եւ ըմբանին (pharynx) միջեւ։ Անիկա կազմուած է աճարային (cartilagenous) խումբ մը մասնիկներէ՝ կռճիկներէ (small cartilage), որոնք ամբողջութիւն մը կը կազմեն արտաքին եւ ներքին գործօն մկաններով եւ ներքին մակերեսային խլնաթաղանթով (mucosa)։ Խռչափողը ունի երկու իսկական ձայնալարեր (true vocal cords). անոնք կազմուած են մկանային հիւսկէնէ եւ ծածկուած են խլնաթաղանթով մը, որ շարունակութիւնն է խռչափողի խլնաթաղանթին։ Իսկական ձայնալարերը շարժուն բարակ կապաններ (cords) են, որոնք կը գտնուին խռչափողին սկիզբը եւ կը շարժին կամովին՝ ուղեղէն եկած հրահանգներուն համաձայն եւ կ՛արտադրեն զանազան ելեւէջներով եւ ուժգնութեամբ ձայներ։ Տղամարդիկ եւ կիներ ունին տարբեր չափի ձայնալարեր. անոնք աւելի մեծ են տղամարդոց մօտ, քան՝ կիներուն մօտ. չափահաս տղոց մօտ անոնք կ՛ըլլան մօտաւորապէս 17-25 մմ. երկարութեամբ, իսկ չափահաս կիներու մօտ՝ մօտաւորապէս 12.5-17.5 մմ.։ Իսկական ձայնալարերու վերեւ կը գտնուին խլնաթաղանթային ծալքեր, որոնք կը կոչուին կեղծ ձայնալարեր (false vocal cords). ասոնք ձայնատուութան հետ անմիջական ոչ մէկ կապ ունին։
Կլլելու գործողութեան ընթացքին խռչափողը կը խցուի ինքնաբերաբար եւ ամբողջութեամբ, ձայնալարերու դէպի կեդրոն շարժումով՝ պաշտպանելու համար թոքերը կլլուած նիւթերէն։
Խռչափողը ուրեմն մեր ձայնի աղբիւրն է, սակայն ան ունի նաեւ հիմնական այլ պարտականութիւններ.
1. Կը պաշտպանէ թոքերը օտար մարմիններու ներխուժումէն։ Խռչափողի լորձնաթաղանթը շատ զգայուն թաղանթ մըն է։ Երբ օտար մարմին մը սխալմամբ խռչափող հասնի, պաշտպանողական հազ կը յառաջանայ եւ ձայնալարերը արագօրէն եւ ինքնաբերաբար իրարու կը մօտենան ու կը խցեն խռչափողը. այս երկու միջոցառումներով օտար մարմինը չի կրնար ուղղուիլ դէպի թոքերը եւ, ընդհակառակը, ան կ՛ուղղուի դէպի բերան։
2. Կ՛օժանդակէ ներորովայնային ճնշումի (intraabdominal pressure) բարձրացման, ձայնալարերու խցումով, աւելի դիւրութեամբ արտահանելու համար աղիքներու եւ արգանդի պարունակութիւնները։ .
3. Կը մասնակցի շնչառութեան՝ ոչ գործնականօրէն, այլ՝ կրաւորականօրէն (passive). ան կը պահէ օդի ազատ շրջագայութիւնը եւ անցքը դէպի թոքերը եւ բերանը։
Ձայնը ընդհանուր առմամբ ունի երեք յատկութիւնները՝ ուժգնութիւն (intensity), արագութիւն (velocity) եւ բարձրութիւն-ձայնաստիճան (pitch). իսկ երգիչներու ձայնը ունի այլ յատկութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ ծաւալ (volume), կշռոյթ (rhythm), ելեւէջ (intonation), ձայնեղանակ (tone), դրոշմ-որակ (timbre)՝ հնչեղութիւն, գեղեցկութիւն եւ ճկունութիւն։
Տարիքի բերմամբ կը փոխուին մարդու ձայնի յատկութիւնները, մասնաւորապէս՝ ծաւալը, ուժգնութիւնը եւ բարձրութիւնը։
Մարդ կրնայ իր ձայնի ձայնաստիճանը, ձայնի որակը (timbre) եւ ձայնեղանակը փոխել ձայնալարերու պրկումով եւ թուլացումով, ինչպէս նաեւ՝ կուրծքի, կրծքավանդակի, վիզի եւ լեզուի շարժումներով։
Արբունքէն առաջ տղոց եւ աղջիկներուն ձայնը ժամանակաւոր յատկութիւններով օժտուած է եւ իրարմէ կը տարբերին դրոշմով, երանգով, զօրութեամբ եւ փափկութեամբ։ Անոնց ձայնը փոփոխութեան կ՛ենթարկուի արբունքի շրջանին եւ արբունքէն ետք։ Տղոց ձայնը կը դառնայ ուժգին եւ կ՛ունենայ նուազ ծաւալ ու յատկանշական հաստ դրոշմ. իսկ աղջիկներու մօտ ձայնի ծաւալը կը մնայ նոյնը, բայց դրոշմը կը փոխակերպուի (transform) եւ կ՛ունենայ իգական յատկութիւն։ Այս փոփոխութիւնը հետեւանքն է խռչափողի նորափոխութեան (new development)՝ զարգացումին եւ ծաւալումին, որ բոլորին մօտ կը սկսի 14-15 տարեկանին. տղոց մօտ խռչափողի նորափոխութիւնը հասունութեան (maturity) կը հասնի 20 տարեկանին, իսկ աղջիկներու մօտ՝ 18 տարեկանին։ Հասունութեամբ տղոց մօտ խռչափողը կ՛աճի 1.5 անգամ, իսկ աղջիկներու մօտ՝ միայն 1/3-ով։
Տղամարդիկ եւ կիներ կ՛ունենան ձայնի տարբեր ձայնաստիճան. սակայն անոնք առանձնաբար կ՛ունենան նաեւ տարբեր ձայնի խմբաւորումներ-տեսակներ՝ համաձայն ծինային տարբերութիւններու։ Տղամարդիկ կ՚ըլլան՝ հաստաձայն (bass), միջակաձայն (baritone) եւ բարձրաձայն (tenore). իսկ կիներ կ՛ըլլան՝ թաւշաձայն (contralto), կիսազիլաձայն (mezzo-soprano) եւ զիլաձայն (soprano)։ Իւրաքանչիւր անձի ձայնը իւրայատուկ է, որ կախեալ է անոր ձայնալարերու չափէն եւ մարմնի ընդհանուր ծաւալէն, կազմուածքէն ու ձեւէն։
Բոլորս կ՛արտադրենք ձայն, սակայն երաժշտական ձայնի մը ստեղծումը շնորհուած է տուեալ անձին, բնութեան կողմէ: Ուրեմն երգիչի մը ձայնը աստուածատուր շնորհ մըն է եւ, հետեւաբար, ձայնը կը կարօտի մշակումի եւ հոգատարութեան։ Անոնք, որոնք կը մշակեն իրենց ձայնը եւ կը նուիրուին երգարուեստին, պարտաւորուած են ցուցաբերել լուրջ եւ հետեւողական հոգատարութիւն իրենց աստուածատուր երաժշտական գործիքին՝ ձայնին, որպէսզի կարողանան շարունակել իրենց ասպարէզը եւ ծառայեն համամարդկային արուեստին՝ երաժշտութեան, որ սահմաններ չունի։
Բոլորս եւ մասնաւորապէս երգիչ-երգչուհիները պէտքը ունինք ձայնային առողջապահութեան (vocal hygein) յատուկ դաստիարակութեան։ Ձայնային առողջապահութիւն ըսելով՝ կը հասկնանք հետեւեալները.
1. Ունենալ առողջ շնչառական համակարգ:
2. Գիտնալ շնչելու լաւագոյն ձեւը:
3. Բարձրաձայն չխօսիլ, չպոռալ:
4. Հեռու մնալ կազերէ, փոշիէ եւ գրգռիչ հոտերէ, ինչպէս նաեւ՝ չոր, մշուշոտ եւ ապականած միջավայրերէ:
5. Չծխել եւ շատ ալքոլ չգործածել:
6. Լաւ սնանիլ, հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի:
7. Առատ ջուր խմել:
Լաւ ձայն արտադրելու համար լաւ շնչառութիւնը պայման է։ Շնչառութիւնը պէտք է ըլլայ՝ լուռ, խորունկ, նուրբ եւ դանդաղ. մեզմէ շատեր շնչել չեն գիտեր եւ ընդհանրապէս արագ կը շնչեն։ Լաւ շնչառութեամբ թոքերուն կը հայթայթուի բաւարար քանակութեամբ օդ, այսինքն՝ թթուածին։ Լաւագոյն շնչառութիւնը տեղի կ՛ունենայ, երբ պառկած ենք գետին եւ մեր կռնակին վրայ։ Պէտք է շնչել միշտ քիթով եւ ոչ թէ բերանով, որովհետեւ քիթի աղուամազերը (vibrissa) եւ խեցիները (turbinates) կը խոնաւցնեն ներշնչուած օդը եւ կը մաքրեն փոշիախառն օդը։ Արտաշնչումի ընթացքին թոքերէն դէպի վեր մղուած օդը կ՛ըլլայ տաք եւ խոնաւ. այս յատկութիւններով քիթ հասնող օդը առողջ վիճակի մէջ կը պահէ քիթի լորձնաթաղանթը։
Տարեց տղամարդիկ կ՛ունենան բարձր ձայնաստիճան, իսկ տարեց կիներ մեղմ ձայնաստիճան. բոլոր տարեցները կ՛ունենան ձայնի ծաւալի նուազում եւ ձայնի ցնցումներ ու թրթռացումներ։
Տարեցներ կրնան ունենալ բաւարար գոհացուցիչ ձայն՝ ընդհանուր առողջութեան պահպանումով եւ հետեւելով վերոյիշեալ ձայնային առողջապահութեան թելադրանքներուն։ Թելադրելի է նաեւ, որ անոնք ամէն օր երգեն իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ միշտ խօսին եւ կարդան ազատօրէն ու բարձրաձայն։