
Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
Շերի Ֆսթըքճեանի վերջին գործը՝ «Արմէն»ը, կարճ (15 վայրկեան) ժապաւէն մըն է, որ ցուցադրուեցաւ «Արփա» ֆիլմի փառատօնին եւ «Սի.Էս.Իու. Արթս էնտ Միտիա» փառատօնին (CSU Arts and Media Festival), ուր արժանացաւ առաջնութեան՝ «Ռօզպատ» մրցանակին, «լաւագոյն բեմագրութիւն» դասկարգին մէջ:
Շերի Ֆսթըքճեան, հայրական անունով՝ Շաղիկ Թուխմանեան, ծնած է Ապու Տապի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Ան վերջերս, շարժապատկերի անկախ ընկերութեան մը ծախեց ժապաւէնի մը բեմագրութիւնը (screeplay), իսկ այժմ նոր բեմագրութեան մը գրութեան վրայ կ՛աշխատի:
Ճորճ Ատուրեան այս շաբթուան ընթացքին անոր հետ ունեցաւ անգլերէնով հարցազրոյց մը, որուն հայերէն տարբերակը կու տանք ստորեւ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ուրկէ՞ կու գայ ձեր շարժապատկեր բեմադրելու իղձը:
ՇԵՐԻ ՖՍԹԸՔՃԵԱՆ.- Ես միշտ սիրած եմ գրել եւ պատմութիւն պատմել ու մանուկ հասակէս, ֆիլմարուեստի տեսողական կախարդանքը միշտ ճանապարհորդութիւն մը եղած է ինծի համար: Կը հաւատամ, որ շարժապատկեր բեմադրել ուզելը այն բաներէն մէկն է, զոր փոքր տարիքէն կը սիրես. այնպէս չէ, որ օր մը արթննաս եւ որոշես շարժապատկերի բեմադրիչ կամ բեմագրութիւն գրող դառնալ: Անիկա ձգտում մըն է, որ արդէն մէջդ է եւ ան աստիճանաբար կ՛աճի՝ մինչեւ որ անդրադառնաս, թէ այդ է, զոր պէտք է ընես, ա՛յս է կոչումդ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Դուք նաեւ կը գրէք ձեր ժապաւէններու բեմագրութիւնները: Ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ կու գան անոնց գաղափարները: Ի՞նչն է ձեր ներշնչման աղբիւրը:
ՇԵՐԻ ՖՍԹԸՔՃԵԱՆ.- Մարդկային բնութիւն, փորձառութիւն, տրամաբանութիւն, մտատեսութիւն (նախազգացում) եւ գիրքեր: Գաղափարներն ու ներշնչումները ամէն տեղ են՝ մէկ աղբիւր չկայ: Կրնամ սրճարանի մը մէջ նստած ըլլալ եւ կողքիս սեղանէն լսել երկու անձերու պատահական զրոյցը, եւ այդ մէկը կրնայ կայծ տալ բեմագրութեան մը կամ ժապաւէնի մը մէջ տեսարանի մը գաղափարին: Ասոր գաղտնիքը կը կայանայ ներշնչումը ընկալելու տրամադրուած ըլլալուն մէջ, եւ անիկա, վերջիվերջոյ, քեզ կը գտնէ: Երբ կը գտնուիմ, այսպէս կոչուած՝ «ռայթըրզ պլաք»ի (writerÿs block-գրողի խոչ կամ գրելու կարողութեան ժամանակաւոր խափանում-Խմբ.) ենթակայութեան տակ, կը նստիմ համակարգիչիս ետին եւ գրի կ՛առնեմ այն, ինչ միտքէս կ՛անցնի՝ սկսելով «իսկ եթէ՞…»ով: Ընդհանրապէս անկապ բաներ դուրս կու գան, սակայն երբեմն այդ արարքը ուշադրութիւնս գրաւող գաղափար մը կը ծագեցնէ ու կը զգաստացնէ ուշադրութիւնս, ուստի կ՛ընտրեմ զայն իբրեւ բեմագրութեան նիւթ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ո՞ւր կը գտնուի, ձեզի համար, տարանջատուող կէտը բեմագրութեան գործընթացին եւ շարժապատկերի պատրաստութեան միջեւ:
ՇԵՐԻ ՖՍԹԸՔՃԵԱՆ.- Հիմնական տարանջատումը «բառեր»ու եւ «առարկայական»ին միջեւ է, որ կը պատահի: Ես կրնամ ցանկացած բանս թուղթին յանձնել. այս մէկը գրականութիւն է, որ ինքնին մարտահրաւէր մըն է, որովհետեւ պատմութեան աշխարհ մըն է, որ կը ստեղծես, կերպարներ են, զորս կը զարգացնես՝ զանոնք զետեղելով կացութութիւններու եւ հակամարտութիւններու մէջ… սակայն այստեղ, գրելու հանգրուանին, սահմանափակումներ չկան՝ միայն դուն, համակարգիչդ եւ երեւակայութիւնդ էք: Երբ սխալներ գործես եւ կամ բան մը չհաւնիս անոր մէջ, շատ պարզ է՝ ջնջէ՛ զանոնք եւ սկսէ՛ սկիզբէն:
Սակայն, երբ փորձենք գրուած բառերը վերածել տեսողական միջոցի՝ փոխադրելով պաստառին, այնտեղ դէմ յանդիման կը գտնուինք նոր մարտահրաւէրներու շարանի մը, ուր սխալները շատ սուղ կ՛արժեն: Այս մէկը մեծ պատասխանատուութիւն մըն է, որովհետեւ, հակառակ այժմու մեր ունեցած արդի եւ զգլխիչ արուեստագիտութեան, դարձեալ կարիքը ունինք գրական երեւակայութենէն անցում կատարելու դէպի տեսողական (շարժապատկերի) երեւակայութիւն. սահմանափակուած ես ժապաւէնի մէկ շրջանակով (frame), պիւտճէով, կիրառելիութեան սահմաններով եւ կ՛աշխատիս մեծ խումբ մը օգնականներու եւ դերասաններու հետ, որոնք գրուած բառերէն կեանք կը շնչեն: Այս հանգրուանին կը դադրիս բեմագիր ըլլալէ եւ կը դառնաս բեմադրիչ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ձեր վերջին կարճ ժապաւէնը կը կոչուի «Արմէն». ինչպիսի՞ «կեանք» ունեցաւ ան:
ՇԵՐԻ ՖՍԹԸՔՃԵԱՆ.- «Արմէն»ը (Armen) իր սեփական փոքր յաջողութիւնը ունեցաւ: Անիկա 15 վայրկեաննոց պատմողական ժապաւէնն մըն է, զոր գրեցի եւ բեմադրեցի: «Արմէն»ը Պերլին ապրող հայ ժամագործի մը պատմութիւնն է՝ Նացցի Գերմանիոյ ժամանակաշրջանին: Ան 1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներէն է եւ կ՛ապրի ներքին ճգնաժամ մը, երբ իր ուսերուն կ՛առնէ հրեական Ողջակիզումէն հրեայ ընտանիքի մը փրկութեան պատասխանութիւնը: Այս ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ զանազան փառատօներու, որոնց կարգին՝ «Արփա» միջազգային փառատօնը (AFFMA) եւ «Սի.Էս.Իու. Արթս էնտ Միտիա» փառատօնին, ուր արժանացաւ առաջնութեան՝ «Ռօզպատ» մրցանակով՝ լաւագոյն բեմագրութեան դասակարգին մէջ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Վերջերս բեմագրութիւն մը ծախեցիք շարժապատկերի անկախ արտադրող ընկերութեան մը ու հիմա կ՛աշխատիք անոր զարգացման ուղղութեամբ, իսկ այլ գործ մը ընթացքի մէջ է: Խօսեցէք մեզի այս բոլորին մասին:
ՇԵՐԻ ՖՍԹԸՔՃԵԱՆ.- Շարժապատկերի անկախ արտադրող ընկերութեան մը իմ ծախած բեմագրութեան ժամանակաւոր խորագիրն է «Փուր Լաքի Պեսթըրտ» (Poor Lucky Bastard): Անիկա մութ կատակերգութիւն (dark comedy) մըն է, զոր գրեցի իմ համահեղինակ Շոն Էտիկարի (Shaun Edigar) գործակցութեամբ, իսկ նիւթը կը վերաբերի այժմու տնտեսական ճգնաժամին եւ անոր ունեցած ազդեցութեան՝ հերոսին մօտ անձնասպանական միտումներ յառաջացնելու գծով: Նիւթը նաեւ կը բարձրացնէ բախտի եւ ճակատագրի հարցերը: Յոյսով եմ, որ բեմագրութիւնը, որուն վերջնական ձեւաւորումներուն վրայ կ՛աշխատինք այժմ, շուտով շարժապատկերի կը վերածուի, երբ այս տարուան վերջը կամ յաջորդ տարուան սկիզբը ան վերջնական հունին մէջ մտնէ: Իսկ միւս բեմագրութիւնը, որուն վրայ զուգահեռաբար կ՛աշխատիմ, տակաւին իր սկզբնական վիճակին մէջ է: Անիկա «թրիլլըր» (թնդարկու-thriller) մըն է, որ կ՛արծարծէ վերամարմնաւորումը կամ վերածնունդը (reincarnation), իսկ դէպքը տեղի կ՛ունենայ Հնդկաստանի մէջ: Առայժմ միայն այսքանին մասին կրնամ խօսիլ: