ՊՈԼԻՍ.- Երեքշաբթի, Յունիս 16ին, թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Մամլոյ միջազգային հիմնարկին (IPI) կողմէ «Համաշխարհային մամլոյ ազատութեան հերոս» մրցանակը ստացած լրագրող Նետիմ Շեներ յայտնած է, որ իրեն համար պատիւ է նման մրցանակ ստանալը, սակայն միաժամանակ նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ իր կեանքը վտանգուած կը մնայ:
Շեներ, որ «Միլլիյէթ» թերթի լրագրող մըն է եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին գիրք ու բազմաթիւ յօդուածներ հեղինակած, յայտնած է. «Թուրքիոյ մէջ ապահով չես զգար: Մամլոյ ազատութիւնը շատ վատ վիճակի մէջ է: Եթէ Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ նիւթեր գրես, կրնաս սպաննուիլ: Այս մէկը շատ վտանգաւոր իրավիճակ է»: Շեներ նաեւ նման մրցանակի համար շնորհակալութիւն յայտնած է Մամուլի միջազգային հիմնարկին: Մամլոյ միջազգային հիմնարկի Թուրքիոյ յանձնախումբի քարտուղար Եարտանուր Աթատան նշած է, որ Տինքի սպանութեան հարցով նման հետաքննութիւն իրականացնելուն համար, Շեներ իսկական հերոս մըն է: Նշենք, որ Շեներ Թուրքիայէն 3րդ լրագրողն է, որ այս մրցանակին կը տիրանայ: Նախապէս անոր տիրացած են Ապտի Իփեքչի եւ նոյնինքն Հրանդ Տինք:
2009ի Փետրուարին հրատարակուած է Շեների «Տինքի սպանութիւնը եւ հետախուզութեան սուտերը» գիրքը, որմէ ետք խումբ մը ոստիկանապետներ Շեների դէմ դատ բանալու դիմումներ կատարծ են՝ պահանջելով մինչեւ 32 տարուան բանտարկութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.