ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական անդամ Մայք Փենս Չորեքշաբթի, Յունիս 16ին յայտարարեց, որ եթէ Անգարա շարունակէ հակաիսրայէլեան ուղեգիծը, շատ սուղ գին պիտի վճարէ: Ան իբրեւ օրինակ նշած է, թէ Թուրքիա պիտի կորսնցնէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը ձախողեցնելու հարցին մէջ իրեն ցուցաբերուող աջակցութիւնը։

Յատկանշական է, որ Մարտ 4ին, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ վաւերացուած Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւին դէմ քուէարկողներէն մէկը նոյնինքն Մայք Փենսն էր։ Ան օրին նշած էր, որ կը հաւատայ, թէ հայ ժողովուրդին հանդէպ ցեղասպանութիւն գործուած է, սակայն աւելցուցած էր, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահը դեռ չէ հասունցած։
Ներկայացուցիչներու տան մէջ հանրապետական թիւ 3 ղեկավարը հանդիսացող Փենս Քոնկրեսի շէնքին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Եթէ Թուրքիա, Իրանի մերձենալով շարունակէ բախում ունենալ Իսրայէլի հետ, անոր համար սուղ գին պիտի վճարէ»։
Դեմոկրատական Էլիըթ Էնկըլ եւս Թուրքիոյ վերջին քայլերը «ամօթալի» որակած է՝ աւելցնելով, որ Անգարա, հակառակ ՆԱԹՕի անդամ ըլլալուն, Արեւմուտքին կռնակ կը դարձնէ։ Բացի ատկէ, Ներկայացուցիչներու տան 126 անդամներ նամակով դիմած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային՝ զայն յորդորելով դէմ դնել Իսրայէլի դէմ հնչող քննադատութիւններուն։
Նաեւ, Թուրքիոյ դաշնակից նախկին քոնկրեսական Ռապըրթ Ուքսելըր, Չորեքշաբթի օր խստօրէն քննադատած էր Իրանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրող ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւին դէմ քուէարկելու Թուրքիոյ որոշումը: