ՍԱՆ ՓԵԹԵՐԶՊՈՒՐԿ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ Ս. Փեթերզպուրկ մեկնած էր մասնակցելու այդ քաղաքին մէջ գումարուող միջազգային տնտեսական համաժողովին, երէկ, անակնկալօրէն վերադարձած էր Պաքու: Ալիեւ նախորդ օրը մասնակցած էր Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպման, իսկ ուշ երեկոյին, հանդիպած էր նաեւ Մինսկի խումբի համանախագահներուն:
Երէկ, Մինսկի խումբի համանախագահները հանդիպած էին նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ ի տարբերութիւն Ալիեւի, շարունակեց կեցութիւնը Ս. Փեթերզպուրկ, եւ ներկայ եղաւ տնտեսական համաժողովին:
Ալիեւի այս քայլը տեղիք տուած է մեկնաբանութիւններու, ըստ որոնց, ան դժկամութեամբ մասնակցած էր եռակողմ հանդիպման, որուն նպատակայարմարութեան մասին իր բացասական տրամադրութիւնը յայտարարած էր Թուրքիոյ մէջ, իր վերջին այցելութեան ընթացքին:
Մինսկի խումբի համանախագահներու զոյգ հանդիպումներէն ետք հրապարակուած տեղեկագրութիւնները ոչ մէկ նորութիւն կը բերեն բանակցութեանց գործընթացին ուղղութեամբ:
Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Նաթալիա Թիմաքովա յայտարարած էր, թէ «Ղարաբաղեան հակամարտութեան գործընթացին մէջ առկայ դիրքորոշումներու մերձեցում» արձանագրուած է: «Նկատուած է կողմերու դիրքորոշումներու մերձեցում՝ հակամարտութեան կարգաւորման շարք մը վիճելի դրոյթներուն գծով», յայտնած է Թիմաքովա «Ռիա» ռուսական լրատուական գործակալութեան, աւելցնելով, որ եռակողմ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հանգուցային խնդիրներ:
Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները հաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը շարունակելու երկխօսութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան «Նիուզ» հայկական լրատու գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է, թէ եռակողմ բանակցութիւնները, ինչպէս անցեալին, Ս. Փեթերզպուրկի մէջ եւս տարուած են Մատրիտեան փաստաթուղթին մէջ արձանագրուած դրոյթներու հիման վրայ: «Առ այսօր բանակցութիւններն ընթացել են այդ հիմքով, եղել են տարբեր աշխատանքային առաջարկներ», ըսած է Նալբանդեան:
Խօսելով նախագահներու հանդիպման մասին՝ Նալբանդեանն ընդգծած է, թէ հանդիպումը կառուցողական եղած է:
«Իւրաքանչիւր նոր հանդիպում խթանում է բանակցութիւնները, իսկ վերջին հանդիպումները՝ Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ, առանձնայատուկ արդիւնաւէտ էին եւ նպաստել են կողմերի դիրքորոշումների մերձեցմանը: Այն հարցերում, որոնց վերաբերեալ համաձայնութիւն չի եղել, ճշդուել են մօտեցումները եւ դա հիմք կը լինի բանակցութիւնների հետագայ շարունակման համար», յայտնած է Նալբանդեան:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, Ռուսիան՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր, կարեւոր դեր կը խաղայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մէջ, իսկ նման հանդիպումներ կազմակերպելու Մոսկուայի նախաձեռնութեան զօրավիգ կը կանգնին միւս երկու միջնորդները:
Եռակողմ այս վերջին հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած է բանակցութիւնները նոյն այդ հիմքով շարունակելու պայմանաւորուածութիւն: Նախագահները յանձնարարած են ԱԳՆ ղեկավարներուն շարունակել շփումները, նաեւ աշխուժօրէն կապեր պահպանել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին հետ, ամփոփած է Նալբանդեան:
Ի դէպ, Նալբանդեան եւս առանձին հանդիպում ունեցած է Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ՝ քննելով տարածաշրջան կատարելիք անոնց այցելութեան հետ կապուած հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.