
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու որոշման՝ Թուրքիոյ «ո՛»չ քուէարկութենէն ետք, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ կուսակցութեան փոխնախագահ Էօմեր Չելիքի, Ուաշինկթըն ժամանեց՝ թրքական դիրքորոշումը բացատրելու համար։
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ հանդիպումներէն ետք տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Չելիք անդրադարձած է ամերիկացի խումբ մը քոնկրեսականներու հնչեցուցած այն ազդարարութեան, թէ՝ կը պատրաստուին Հայկական Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը դարձեալ օրակարգի վրայ դնելու։
Չելիք այդ կապակցութեամբ ըսած է. «Անհրաժեշտ է, որ Թուրքիան աջակցութիւն ստանայ Իսրայէլի հետ կապուած իր արդար դիրքորոշման հարցին մէջ։ Սակայն եթէ անոր փոխարէն Թուրքիա քննադատութեան ենթարկուի, եթէ խօսուի նիւթին հետ ոչ մէկ կապ ունեցող հայկական կամ քրտական հարցերու մասին, ապա ակնյայտ է, որ նման բան չի համապատասխաներ բարեկամական յարաբերութիւններ հասկացողութեան։ Բարեկամները զիրար «շանթաժ»ի չեն ենթարկեր»։
Չելիք նաեւ նշած է, որ որոշ ուժեր կը փորձեն Միջերկրական ծովու թուրք-իսրայէլեան միջադէպը կապել ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի քուէարկութեան հետ։