
Հինգշաբթի, Յունիս 17ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ժամանեց Գանատայի թեմ՝ դիմաւորուելով Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանի, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Սուրէն արք. Գաթարոյեանի, Լիբանանի հիւպատոսին եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն կողմէ:
Երեկոյեան, «Հրաշափառ»ի արարողութիւն եւ կանոնական աղօթք տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Կանոնական աղօթքէն ետք, ներկայ հաւատացեալ բազմութեան դառնալով՝ առաջնորդ Խաժակ սրբազանը ողջունեց նորին սրբութեան օրհնաբեր ներկայութիւնը՝ յատկապէս անդրադառնալով վեհափառին ազգային ու միջազգային նուիրումին ու ծառայութեան:
Ուինիփեկի մէջ նորին սրբութեան ունենալիք միջազգային հանդիպման ակնարկելով՝ սրբազանը ըսաւ, թէ համայն հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ համար պատիւ է, որ Արամ Ա. վեհափառ իր կարեւոր ներդրումը ունենայ սոյն համագումարին՝ ատենապետելով «G8» գերաստիճանի նախապատրաստուող կենսոլորտային հարցերու վերաբերող նիստին:
Հուսկ, վեհափառը իր հայրապետական պատգամը յղեց: Թեմի գործունէութեան վերաբերեալ իր գնահատանքին առընթեր, ան նաեւ թուեց այն արժէքները, որոնք պէտք է թեմի գործունէութեան առանցքը հանդիսանան: Եկեղեցւոյ, ազգի ու հայրենիքի նկատմամբ մեր կապուածութեան ու գուրգուրանքին հետ, վեհափառը շեշտեց մնայուն ուշադրութիւն ընծայել մեր ազգային պահանջատիրութեան: Պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:
Ուրբաթ երեկոյեան, նոյն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ, եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» մանկական երգչախումբին համերգը՝ նուիրուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին, ղեկավարութեամբ Էլիզապէթ Հարպոյեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Մարիա Անտոնեանի:
Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ ու օրհնաբեր ներկայութեամբ տեղի ունեցող համերգին ներկայ գտնուեցան Կիլիկեան եւ Էջմիածնական թեմերու հոգեւորականներ, Ազգային իշխանութեան ու յարակից մարմիններու անդամներ, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը: Հոգեւոր եւ մանկապատանեկան երգացանկով, ամբողջ մէկուկէս ժամ, աւելի քան երեսուն մանուկներ խանդավառեցին ներկաները: 6-16 տարեկան տղոց ու աղջիկներուն խանդավառ երգեցողութիւնը, քաղցր ժպիտն ու երգարուեստին տիրապետելու նախանշանները, հմայեցին ներկայ բազմութիւնը, որուն մէջ իր կարեւոր դերը ունեցած էր խմբավարուհին:
Միաշունչ երգեցողութենէ ետք, իր խօսքը ըսելու հրաւիրուեցաւ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան երիտասարդ ատենապետ՝ Մանուէլ Քէօսէյեան: Ան դպրեվանքը նկատեց գաղութներուն կեանք ու աւիշ ներարկող բաբախող սիրտը եւ յայտնեց, թէ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը իր համեստ լուման բերելու համար մարդակերտումի ու հայակերտումի օճախին, 10,000 տոլարի նուիրատուութիւն կը կատարէ:
Գնահատական խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան:
Ապա, վեհափառը հայրապետական օրհնութեամբ գնահատեց երգչախումբին մանուկները, անոնց պատասխանատուները, ու բոլոր ծնողները: Ան նուիրեալ ծառայողներուն մէջ առանձնացուց Էլիզապէթ Հարպոյեանի աշխատանքը, եւ յիշեց, թէ անոր մշակութանուէր ծառայութիւնը երաժշտութեան կալուածէն ներս սկսած էր Լիբանանէն ու շարունակուած մինչեւ Մոնթրէալ: Նորին սրբութիւնը նման համերգներ նկատեց հայու հոգին հարստացնող երեւոյթներ, յատկապէս ապահայացնող միջավայրի մէջ: Իր խօսքի աւարտին, վեհափառը յայտարարեց, թէ առ ի շօշափելի գնահատութիւն Հարպոյեանի մշակութանուէր անսակարկ ծառայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով կը պարգեւատրէ զայն, ինչ որ մօտ ապագային, Հայրապետական կոնդակով միասին պիտի յանձնուի անոր: Ներկաներու խանդավառ ծափողջոյններուն ներքեւ, մանուկները եւ հանդիսականները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա»ն՝ յուզումի արցունքներ խլելով բոլորին աչքերէն:
Համերգէն անմիջապէս ետք, վեհափառին շքախումբին մաս կազմող, Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժինի տնօրէն Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ հայ երիտասարդութեան հետ: Ներկայ շուրջ 100 երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն հետ խօսելով՝ հայր սուրբը անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հրատապ հարցին, բարոյական շարք մը նիւթերու, որոնք ներկայ ընկերութեան կեանքը կը տագնապեցնեն, ինչպէս նաեւ առաջարկեց հայ երիտասարդութեան ձեռք մեկնել մեր եկեղեցիին՝ միասնաբար լուծումներ բերելու համար հարցերուն: Ներկայ երիտասարդութիւնը իր հարցումներով արտայայտեց իր տեսակէտները՝ արծարծուած հարցերուն գծով:
Շաբաթ օր, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, Ազգային առաջնորդարանի շրջափակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Նահատակաց նուիրուած «Կարմիր Աւետարան» անունով մկրտուած գեղաքանդակ խաչքարին բացումը: Վեհափառը օրհնութեան յատուկ կարգով նուիրագործեց յուշակոթող-խաչքարը, որ մտայղացումն ու գործն էր արուեստագէտ Յակոբ Ճամպազեանի:
Օրհնութեան արարողութեան աւարտին, վեհափառը խօսք առնելով՝ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական ոգիին ամբողջական թարգմանը հանդիսացաւ, յատկապէս շեշտը դնելով մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը միասնաբար յառաջ տանելու գաղափարին վրայ: «Սփիւռք ու Հայաստան, դերերու յստակ բաժանումը սոյն պայքարը յառաջ պիտի տանին, մինչեւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացումը եւ մեր ազգի ոտնակոխուած արժանապատուութեան վերականգնումը», ըսաւ վեհափառը:
Իր խօսքի երկրորդ բաժինով, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով կատարուած ու կատարուող աշխատանքին՝ Հայ Դատի հետապնդման գծով: Վեհափառը խօսեցաւ յատկապէս այն կազմաւորման մասին, եւ ազգային ոգիի ջամբումին, որ կը կատարուի Անթիլիասի դպրեվանքին ճամբով: «Մենք Անթիլիասի մէջ, ամէն օր Տէր Զօրը ապրեցանք ու կ՛ապրինք՝ մեր Նահատակներու անթաղ աճիւններով նուիրականացած Սուրբ Մատուռը մեր աչքերուն առջեւ ունենալով: Կազմաւորում մը, որ անգիր ու անբարբառ դաս ու դասարան եղաւ մեզի համար, ու կը շարունակէ այդպէս մնալ Անթիլիասէն դուրս եկող բոլոր սերունդներուն համար», ըսաւ վեհափառը:
Ապա, նորին սրբութիւնը յուշակոթողին առջեւ ապակեայ դարանին մէջ զետեղեց Անթիլիասի Նահատակաց մատուռէն բերած մեր նահատակներու աճիւններէն մասնիկներ, իբրեւ մնայուն յուշարար հայ ժողովուրդի դէմ գործուած անմարդկային ոճիրին:
Ներկայ բազմութիւնը միասնաբար երգեց «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական քայլերգը՝ արեւշատութիւն մաղթելով իր հայրապետին, ինչպէս նաեւ երգեց «Կիլիկիա» մաղթերգը՝ կորսուած հայրենիքին դարձեալ վերատիրանալու վառ յոյսով:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Կիրակմուտքի ժամերգութեան, որմէ ետք, վեհափառը առաջնորդուեցաւ «Ահարոնեան» սրահ, ուր հաւաքուած էին աւելի քան երկու հարիւր անձեր՝ գաղութի կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչ անդամներ: Պաշտօնական ընթրիքի սեղանին շուրջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը վեհափառ հայրապետին հետ:
Առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան խօսք առնելով՝ ողջունեց նորին սրբութեան ներկայութիւնը, եւ առիթը սքանչելի նկատեց երկխօսութեան վեհափառին հետ, մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու յատկապէս գանատահայոց թեմի գործունէական յառաջիկայ ուղեգծին առնչութեամբ:
Գանատայի Հայոց թեմի, ինչպէս նաեւ ամբողջ գանատահայ գաղութի կեանքը յուզող հարցերուն մասին սրտբաց զրոյց մը եղաւ սոյն հանդիպումը, յատկապէս՝ կաթողիկոսին կողմէ տրուած լուսաբանական տեղեկութիւններով հիմնաւորուած: Վեհափառը իր առաջնորդող խօսքին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հաւաքական աշխատանքի ձեւին, զոր մեր կառոյցները պէտք է առաւել եւս ունենան՝ կեդրոնանալով Ազգային առաջնորդարանին շուրջ: Վեհափառը շեշտեց հայ դպրոցին տեղն ու դերը, եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Գանատայի Հայոց թեմի ազգային վարժարանը բացառիկ հոգածութեան առարկան է թեմի բոլոր կառոյցներուն: Արամ Ա. կաթողիկոսի «Պահպանի»չով ու «Կիլիկիա» մաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ փակուեցաւ հանդիպումը:
Յայտնենք, որ գեղարուեստական յայտագիրով երեկոն ճոխացուցին երգիչ Արթիւր Աբգարեան, իսկ տուտուկի նուագով՝ Համբիկ Ճապուրեան: