ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Ատրպեճանական «Թրենտ» գործակալութեան համաձայն, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի Բիւրոն, Յունիս 25ին որոշում չէ կայացուցած Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնաժողովի ստեղծման մասին:
«Ես տեղեկացուցած եմ Բիւրոյի անդամներուն՝ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու մանրամասնութիւններուն մասին: Ես Բիւրոյին յանձնած եմ հաշուետուութիւնը: Յունիս 23ին կայացած է իմ հանդիպումը ատրպեճանական եւ հայկական պատուիրակութիւններու անդամներուն հետ: Ենթայանձնաժողովի գործունէութեան քննարկումները կը շարունակուին Բիւրոյի հերթական նիստին ընթացքին», գործակալութեան յայտնած է ԵԽԽՎ նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու:
Նշենք, որ ենթայանձնաժողովի ստեղծման ուղղութեամբ կտրականապէս դէմ արտայայտուած է Հայաստան: Պաշտօնական Երեւանը վստահ է, որ ղարաբաղեան խնդիրը պէտք է քննարկուի բացառապէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.