ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Իսրայէլեան զինուորական օդանաւին Թուրքիոյ տարածքով թռչելու արտօնութիւն չտրուելէ ետք, իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը խիստ կերպով արձագանգած է Թուրքիոյ այդ քայլին։
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք»ի փոխանցումով, իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը, բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր հարցազրոյցին մէջ Թուրքիոյ խորհուրդ տուած է երկու անգամ մտածել՝ նախքան երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած ճգնաժամը խորացնելը։
Իսրայէլացի պաշտօնեան նշած է, որ Թուրքիան կարծես ընտրած է յարաբերութիւններու լարման ճանապարհը, ինչ որ ոչ մէկուն օգուտ է։ «Եթէ Թուրքիան առիթ կը փնտռէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները ամբողջովին խզելու համար, ատիկա պիտի վնասէ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ դիրքին։ Ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը, կը բխի երկու երկիրներու շահերէն եւ անոր փոփոխութեան համար որեւէ պատճառ չկայ», նշած է ան։
Իսրայէլացի պաշտօնեան Թուրքիոյ յիշեցուցած է Խորհրդային Միութեան գլխին եկածը՝ ըսելով, որ 1967ին Խորհրդային Միութիւնը կրնակ դարձուց Իսրայէլին, սակայն հետագային ափսոսաց, որովհետեւ հասկցաւ, որ կորսնցուցած է տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.