ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ Թուրքիա մերժած է թրքական օդային տարածքը օգտագործելու Իսրայէլի մէկ առաջարկը։ Նախարարութեան բանբեր Պուրաք Էօզիւկերկին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց, որ «Օդային թռիչքները երկու խումբի բաժնուած են՝ քաղաքային թռիչքներ եւ զինուորական թռիչքներ։ Քաղաքային թռիչքները կը շարունակուին, բացի եթէ արգիլուին։ Ինչ կը վերաբերի զինուորական թռիչքներուն, ապա սովորական գործելակերպը այն է, որ իւրաքանչիւր թռիչքի համար երկիրները պէտք է թրքական օդային տարածքը օգտագործելու արտօնութիւն խնդրեն։ Իւրաքանչիւր պարագայ անջատաբար կը քննարկուի»։
«Յստակ է, թէ ասիկա Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւատորմիղին դէմ յարձակումին վարկաբեկումէն բխող հետեւանք մըն է։ Թուրքիա կ՛ուզէ, որ Իսրայէլ ներում հայցէ, փոխհատուցում վճառէ զոհերու ընտանիքներուն եւ Կազայի շրջափակումին վերջ տայ։ Նաեւ կ՛ուզենք, որ անկախ յանձնախումբը դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կատարէ», աւելցուց ան։
Էօզիւկերկին յայտնեց, որ «Նաւատորմիղէն երեք նաւեր՝ ներառեալ Մաւի Մարմարան, Իսրայէլի մէջ պահուած են։ Թուրքիա տասը օր առաջ Իսրայէլէն պահանջեց զայն վերադարձնել։ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը նաեւ իր յայտարարութեան մէջ այս հարցին ակնարկեց։ Այժմ, կը սպասենք, որ Իսրայէլ որոշում մը առնէ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.