ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԱՄՆ Քոնկրեսի Հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն ողջունած է ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, եւ վերահաստատած է 1915-1923ին, 1.5 միլիոն հայերու սպանութիւնները իբրեւ Ցեղասպանութիւն ճանչնալու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ուղղուած իր կոչը:
«Պետական քարտուղար Քլինթընի ուղեւորութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջան ցոյց կու տայ տարածաշրջանի հետ մեր յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը», ըսուած է քոնկրեսականի գրաւոր յայտարարութեան մէջ:
«Պետական քարտուղարի այցելութիւնը Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, յարգալից տուրք էր եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ՝ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան՝ ամենաբարձր մակարդակով առաջընթացի վկայութիւն: Յոյսով եմ, որ պետական քարտուղարը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ տարածաշրջանին մէջ յարաբերութիւններու բարելաւման: Հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման Հայաստանի նուիրուածութեան ընդգծումը անոր կողմէ, եւ անոր աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումներու լոյսին տակ՝ մեծապէս քաջալերող է եւ գնահատելի», յայտարարած է քոնկրեսականը, որ կը յորդորէ Ներկայացուցիչներու տան առաջընթաց արձանագրել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծին հարցով, իսկ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին կոչ կ՛ընէ սատարելու այդ ջանքերուն:
Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւին նախագիծը, Մարտ 4ին արժանացած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի հաւանութեան: Մեծ Եղեռնը դատապարտող նմանատիպ բանաձեւ ներկայացուած է նաեւ Ծերակոյտին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.