ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն Հայաստանի դրամատնային համակարգով, անձերու միջոցով փոխանցուած դրամական միջոցները կը հասնին 479.9 միլիոն տոլարի: Ըստ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան ամէնամսեայ հաշուետուութեան, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ տուեալ ցուցանիշը աճած է 4.2 տոկոսով, կամ՝ 19.2 միլիոնով:
Փոխանցումներուն ամենամեծ ծաւալը եղած է Ռուսիայէն՝ 308 միլիոն տոլար, այնուհետեւ ԱՄՆէն՝ 48.1 միլիոն եւ Գերմանիայէն՝ 8.6 միլիոն: Հայաստան կատարած փոխանցումներու իր ծաւալով Թուրքիան կը գտնուի 9րդ կարգի վրայ՝ 957 հազար տոլարով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.