ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի՝ Արցախի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանի համաձայն, Արցախի Տիգրանակերտ քաղաքին մէջ, Յունիս 15ին վերսկսած պեղումներուն իբրեւ արդիւնք, յայտնաբերուած են արժէքաւոր գտածոներ: Պետրոսեանի հաւաստումով, պեղումները կ՛ընթանան քաղաքի հինգ առանձին հատուածներու մէջ, իսկ ներկայիս կը բացուի եկեղեցւոյ կից սենեակը։
Անոր խօսքով, պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են Ն.Ք. 6րդ դարու կարաս, պղինձէ զարդեր, խեցեղէն եւ ապակեղէն: Յայտնաբերուած գտածոները փորձաքննութենէ կ՛անցնին Երեւանի պետական համալսարանի հնագիտական տարրալուծարանին մէջ, որմէ ետք պիտի յանձնուին ԼՂՀ կառավարութեան ենթակայութեան: Գտածոներուն մէկ մասը պիտի տեղափոխուի նաեւ Տիգրանակերտի թանգարան, որ պաշտօնապէս բացուած էր այս տարուան Մայիս 30ին:
«Տիգրանակերտը գտնւում է զբօսաշրջիկների ուշադրութեան կենտրոնում: Ինձ զարմացնում է թէ՛ հայ, թէ՛ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկների թիւը», յայտնած է Հ. Պետրոսեան:
Նշենք, որ Արցախի արշաւախումբը 2005ին յայտնաբերած էր հայոց արքայ Տիգրան Բ. Մեծի կողմէ Արցախի մէջ հիմնուած Տիգրանակերտ քաղաքը, իսկ 2006էն ի վեր, այնտեղ կը կատարուին հնագիտական պեղումներ։ Անիկա Տիգրանի անունը կրող միակ բնակավայրն է, որուն տեղը պարզուած է ճշգրիտ կերպով եւ որ կ՛ենթարկուի հնագիտական հետազօտութեան: Պեղումներուն իբրեւ արդիւնք բացուած է քաղաքի Միջնաբերդի պարիսպներուն մէկ հատուածը, Ամրացուած են թաղամասի պարիսպներուն ժայռափոր հիմքերը, կեդրոնական թաղամասի բազիլիկ եկեղեցւոյ մէկ հատուածը եւ այլն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.