ԳԻՒՄՐԻ, «Նիուզ».- Ներկայութեամբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Յուլիս 8ին Գիւմրիի «Մուշ-2» թաղամասին մէջ շահագործման յանձնուեցաւ 22 շէնք՝ 1056 բնակարանով։ Նախագահը անձամբ հիւրընկալուած էր երեք ընտանիքներու մողմէ եւ շնորհաւորած անոնց բնակարանամուտը:
«Նոյնիսկ համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամի պայմաններում, երբ աշխարհի շատ երկրներ ստիպուած էին կրճատել իրենց սոցիալական ոլորտի ծախսերը, մեր պետութիւնը կարողացաւ այս գործի համար միջոցներ գտնել, եւ դրա համար աղէտի գօտում շինարարութիւնը ոչ մի րոպէ չի դադարել», ըսած է յանձնման արարողութեան ներկայ Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարար Վարդան Վարդանեանը:
Նշենք, որ անցեալ տարեվերջին կառուցուող բնակարաններու շինարարական աշխատանքներուն հետեւելու համար, «Մուշ-2» թաղամաս այցելած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, սակայն ան դժգոհ մնացած էր աշխատանքներուն որակէն եւ յանձնարարած էր վերացնել բոլոր թերութիւնները:
Բնակարաններու յանձման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ շէնքերուն կառուցումը ստանձնած ընկերութեան՝ «Glendale Hills»ի տնօրէն Վահէ Ալմոյեան, որ իր խօսքին մէջ նշած է, թէ աշխատանքներուն հետ կապուած բոլոր թերութիւնները վերացուած են արդէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.