
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերը իրենց աւարտին հասան Կիրակի, 4 Յուլիս 2010ի կէս գիշերին, «Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ»ի շրջափակէն ներս, Նաւասարդեան ուրախ մթնոլորտի մը մէջ, բազմահազար ՀՄԸՄասէրներու մասնակցութեամբ:

Նաւասարդեան մարզախաղերը եզրափակող Յուլիսի առաջին շաբաթավերջը յատկանշուեցաւ երիտասարդութեան տիրական ներկայութեամբ, որ անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, թէ ՀՄԸՄը այն միակ կազմակերպութիւնն է, որ հայ երիտասարդութեան սրտին կը խօսի՝ իր նպատակով, ծրագիրներով ու առաքելութեամբ:
Եզակի այս մարզախաղերու փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 4 Յուլիսի յետմիջօրէին, «Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ»ի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, մեծ թիւով ՀՄԸՄասէրներու եւ համակիրներու ներկայութեամբ:
Նախքան հանդիսութեան սկսիլը, մարզադաշտ ժամանող հանդիսատեսներուն բարի ժամանց ընծայեց երիտասարդ ու խոստմնալից երգչուհի Լարա Ղարիպեանը՝ փունջ մը գեղեցիկ երգեր հրամցնելով:
Օրուան յայտագիրը սկիզբ առաւ ժամը 6:00ին: Շրջանի սկաուտական խորհուրդի առաջնորդութեամբ մարզադաշտ առաջնորդուեցան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Ճորճ Ժամկոչեան, Տիպար ՀՄԸՄական Պերճ Ճամճեան՝ ընկերակցութեամբ Շրջ. վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեանի:
Օրուան խօսնակներն էին ՀՄԸՄականներ Նորա Չափարեան (հայերէն) եւ Նայիրի Տէրտէրեան (անգլերէն), որոնք ներկաները ոգեւորեցին՝ Նաւասարդեան մարզախաղերու 35 տարիներու արձանագրած յաջողութիւններ մատնանշելով եւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը ծանօթացնելով:
Նախքան պաշտօնական յայտագրի սկսիլը, ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս յարգեցին հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ընթացքին զոհուած մեր բոլոր ազատամարտիկներուն, մասնաւորաբար՝ 18 Յունիսին, Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ նահատակուած զինուորներ Մնացական Գասպարեանի, Արիաք Բարսեղեանի, Էտուարդ Մանուկեանի եւ Պարոյր Մելքոնեանի յիշատակը:
Յարգուեցաւ նաեւ յիշատակը մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած բոլոր ՀՄԸՄականներուն, եւ յատկապէս օրերս Հայաստանի մէջ մահացած ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղի մարզիչներէն Լեւոն Հապէշեանի:
Դրօշակի տպաւորիչ արարողութիւնը կատարեց շրջանի արի-արենոյշներէ կազմուած դրօշակակիրներու խումբը, որ Շրջ. վարչութեան նուագախումբի ազգայնաշունչ եղանակներով հաստատակամ քայլերով, մարզադաշտ ներկայացուց Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Քալիֆորնիոյ, ՀՄԸՄի եւ Նաւասարդեան դրօշները, բարեւեց պատուոյ հիւրերուն եւ կատարեց դրօշակի արարողութիւնը՝ հետեւելով Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներուն, զորս դարձեալ նուագեց Շրջ. վարչութեան փողերախումբը:
Այնուհետեւ հեծելարշաւով մարզադաշտ ներկայացաւ ՀՄԸՄի նորակազմ հեծիկի խումբը՝ գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ ՀՄԸՄի Հեծիկի խումբը բազմաթիւ անգամներ յաղթանակներու առաջնորդած եւ անձնապէս ՀՄԸՄի եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեան հանդիսացած Միսաք Թերզեանի:
Ապա հանդիսավարներ Չափարեան եւ Տէրտէրեան ներկայացուցին օրուան պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի ներկայացուցիչ Հայկ Աւետիսեան, ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեան, ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Թիւֆէնքճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ստեփան Պոյաճեան, Քալիֆորնիոյ 29րդ շրջանի քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու նախագահ Ճորճ Ժամկոչեան, Տիպար ՀՄԸՄական Պերճ Ճամճեան եւ տիկինը՝ Նորմա, ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան փոխատենապետուհի Արուս Մելքոնեան, Հարաւային Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պերճ Շահպազեան եւ Էջմիածնական թեմի ներկայացուցիչ Ժոզէֆ Կանիմեան, նաեւ Կլենտէյլի Հանրային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետ Կրեկ Գրիգորեան, Նաւասարդեան 33րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Վահագ եւ Պայծառ Թովմասեան, Ամերիկեան սկաուտութեան ներկայացուցիչներ, հայկական վարժարաններու տնօրէններ, անցեալի պատուոյ նախագահներ, «Տիպար ՀՄԸՄական»ներ, հիւրեր, ծնողներ, բազմահարիւր ՀՄԸՄականներ եւ համակիրներ:
Առաջին հերթին շնորհաւորական ելոյթ ունեցաւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ շնորհաւորելով ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերը՝ նորանոր յաջողութիւններու մաղթանքներով բարձր գնահատեց շրջանի ՀՄԸՄը՝ շրջանի երիտասարդութիւնը մաքուր միջավայրի մը մէջ համախմբելու եւ անոնց օգտակար ծրագիրներ հրամցնելուն համար:
Շրջ. վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ ատենապետ Սթիւ Արթինեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ըսաւ. «ՀՄԸՄը կ՛ապրի իւրայատուկ ժամանակաշրջան մը, որուն անցնող քանի մը տարիները պատմական եղան, արձանագրուած նուաճումներուն շնորհիւ: Մենք երբեք այսքան հաստատակամ չենք եղած մեր երեխաներու ապագայ կարիքներուն նկատմամբ, որքան այսօր:
«Մեր յաջորդ սերունդը ընտրութեան առիթը ունի եւ մենք պէտք է յաջողութեամբ առնչենք զանոնք մեր կազմակերպութեան: Մենք պէտք է զօրակցինք անոնց, հասկնանք զանոնք եւ հաւատք ընծայենք անոնց»:
Իսկ անդրադառնալով ՀՄԸՄի իրականացուցած նուաճումներուն՝ ան թուեց ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի երկրորդ կեդրոնի գնումը, ՀՄԸՄ Շրջ. վարչութեան «Թքույա» բանակավայրի սեփականութիւնը, նոր կեդրոնի վերանորոգման ամբողջացումը, Փասատինայի «Ազատամարտ», Պըրպենքի «Սիփան» եւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղերուն՝ գրասենեակներ եւ մարզադաշտեր ունենալու իրողութիւնը եւ վերջապէս, «Գէորգ Անտոնեան» սրահի իրականացումը ՀՄԸՄի նոր կեդրոնէն ներս:
Ապա, եղբայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հարիւրաւոր այն անդամներուն, որոնք իրենց կարեւոր դերը ունեցան այս բոլորի իրականացման մէջ: Իսկ խօսքը ուղղելով տողանցելու պատրաստուող ՀՄԸՄի շարքերուն՝ վստահեցուց անոնց, թէ ամէն ինչ իրենց համար կը կատարուի, որովհետեւ անոնք են ՀՄԸՄի ապագան:
Արթինեան, առիթը պատեհ նկատելով՝ անգամ մը եւս հանրութեան ներկայացուց «Տիպար ՀՄԸՄական-2010» տիտղոսին արժանացած Պերճ Ճամճեանը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Ճորճ Ա. Ժամկոչեանը:
Այնուհետեւ, եղբայրը յայտարարեց Շրջ. վարչութեան կողմէ յառաջիկայ տարուան համար ստեղծուած կրթաթոշակները, որոնք նուիրուած են հետեւեալ ՀՄԸՄականներուն եւ կը հովանաւորուին անոնց ընտանիքներուն կողմէ.
* Շրջանի առաջին Շրջ. վարչութեան ատենապետ Յակոբ Օվայեանի
* Շրջանի ՀՄԸՄի Մայր մասնաճիւղի առաջին ատենապետ Յարութ Բարսեղեանի
* ՀՄԸՄական ֆութպոլիստ Յովհաննէս Ճանիկ Խաչատուրեանի
* Արենոյշ Նաթալի Սարգիսեանի
* Շրջանի ՀՄԸՄի հիմնադիր անդամ Ճեգ Տէր Պօղոսեանի
* ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան անդամ Հայկ Յովսէփեանի
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ Շրջանային ընդհ. խմբապետուհիի պաշտօնատուչութիւնը, որուն արժանացաւ երկար տարիներ շրջանի սկաուտական բաժանմունքէն ներս մեծ ներդրում ունեցած եւ սկաուտական բոլոր աստիճաններուն ու պաշտօններուն, ինչպէս նաեւ շրջ. խմբապետուհիի պաշտօնին արժանացած Թալին Հինտոյեանը: Քոյրը հանրութեան ներկայացուց Շրջ. վարչութեան մօտ սկաուտականի կապ Փիէր Մանուկեանը: Շրջ. ընդհ. խմբապետի երդումը առաւ նախորդ շրջանի շրջանային ընդհ. խմբապետ Հրայր Պոյաճեանը, իսկ նշեալ պաշտօնի ուսնոցները յանձնեց Սթիւ Արթինեանը: Թ. Հինտոյեանի պաշտօնատուչութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ ընկալուեցաւ ներկաներուն, յատկապէս՝ սկաուտական շարքերուն կողմէ, որոնք սկաուտական յատուկ ծափերով ողջունեցին զայն:
ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան անունով շնորհաւորական ելոյթ ունեցաւ փոխատենապետ Գօգօ Պալեանը եւ ըսաւ. «Նաւասարդեանի այս մարզական ու ազգային խրախճանքը, 35րդ անգամ ըլլալով կարելի եղաւ իրականացնել, շնորհիւ ՀՄԸՄը սիրող ու յարգող ժողովուրդին: Չորս օր տեւող այս իւրայատուկ ազգային համախմբումը անգամ մը եւս պսակուեցաւ յաջողութեամբ, շնորհիւ այն բազմահարիւր կամաւորներուն՝ վարչական կամ ոչ, ՀՄԸՄի անդամ կամ համակիր, որոնք ամէն զոհողութիւն յանձն առին, ի սէր ՀՄԸՄին: Այն ՀՄԸՄին, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է հայ մանուկին, պատանիին ու երիտասարդին ֆիզիքական ու ազգային դաստիարակութեան: Մենք բոլորս մաս կը կազմենք այս հսկայ ընտանիքին, որ տարածուած է աշխարհի բոլոր կողմերը, ուր հայ կայ: Ձեզի կը վստահեցնեմ, թէ հոն, ուր ՀՄԸՄ կայ, հոն հայ երիտասարդութեան դաստիակութեամբ զբաղող կամաւորներ կան»:
Եղբայրը Կեդր. վարչութեան անունով շնորհաւորեց Շրջ. վարչութիւնը Նաւասարդեան մարզախաղերու յաջողութեան առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր յանձնախումբերուն, որոնք մասնակից դարձան այդ յաջողութեան:
«Պատիւ ձեր բոլորին, սիրելի ՀՄԸՄական քոյրեր եւ եղբայրներ, վարչականներ, յանձնախումբեր, անդամներ եւ ծնողներ, որովհետեւ ձեր բոլորին նուիրեալ աշխատանքին շնորհիւ է, որ ՀՄԸՄը կրնայ արդարացնել իր վրայ դրուած յոյսերը», եզրակացուց Գ. Պալեան:
Հայրական իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքները փոխանցեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ առաջին հերթին, հոգեկան իր գոհունակութիւնը յայտնեց պատմական այս պահին ներկայ գտնուելուն ուրախ առիթով, եւ ըսաւ.
«…Առաջին հերթին, ես հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ կ՛ողջունեմ մեր մարզիկները, մեր սկաուտները, որոնք անցնող ամիսներուն պատրաստուեցան եւ վերջին քանի մը օրերուն իրենց աւարտական խաղերը ամբողջացուցին, իսկ քիչ ետք պիտի ստանան իրենց յաղթական բաժակները: Սակայն միաժամանակ, մենք բոլորս սիրելիներ, պիտի վկայենք իրենց խրոխտ գնացքը եւ տողանցքը եւ պիտի վերապրինք ու ապրինք, թէ ինչպէս ՀՄԸՄը «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանով կ՛առաջնորդէ մեր ժողովուրդի մատղաշ սերունդը: Հետեւաբար, օրհնեալ ըլլան ՀՄԸՄի բոլոր վաստակաւոր նուիրեալները, որոնք Նաւասարդեան մեր պատմական անցեալով, այսօր անգամ մը եւս պատմութիւնը վկայակոչելով, մեր յաղթական հերոսները եւ տիպարները վերապրեցնելով՝ մեր կեանքին մէջ ներկայութեան կը վերածեն այս պահուն»:
Սրբազան հայրը իր յատուկ ողջոյնները սիրով փոխանցեց նաեւ Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահին՝ Ճորճ Ժամկոչեանին, եւ Տիպար ՀՄԸՄական Պերճ Ճամճեանին, իսկ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ 2010ն «Հայ Կնոջ» տարի հռչակման առիթով, ան անգամ եւս օրհնեց եւ գնահատեց իգական սեռի ներկայացուցիչներու ազգային, եկեղեցական եւ հայրենանուէր ծառայութիւնը՝ ընդգծելով մանաւանդ ՀՄԸՄական քոյրերուն նուիրեալ ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը:
Եզրակացնելով իր պատգամը՝ առաջնորդ հայրը շնորհաւորեց ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութիւնն ու ախոյեան մարզիկները եւ հաստատեց. «Հասած է պահը վկայելու եւ հպարտութեամբ հետեւելու ՀՄԸՄի տողանցքին: Մեր աղօթքը եւ մաղթանքն է, ուր որ ՀՄԸՄ կայ, այնտեղ ըլլայ նոր սերունդի դաստիարակութիւն, կարգապահութիւն եւ օրինակելի ընթացք ու գնացք: Կեցցէ՛ ՀՄԸՄը, խրոխտ շարքերը թող ամրանան եւ խրոխտ շարքերով տողանցեն մեր ՀՄԸՄականները. ՀՄԸՄի ու մեր անձի եռագոյն դրօշը ծածանի հպարտութեամբ, միշտ յաւերժ. ոչ միայն այս մարզադաշտին վրայ, այլ սփիւռքեան մեր բոլոր օճախներէն ներս թող տողանցեն անոնք, ինչպէս հայրենիքէն ներս, Արցախէն ներս, թէ æաւախքէն ներս, ու մանաւանդ մեր երազներու իրականացման ճամբով՝ Ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքէն ներս, Արարատի գագաթին, կոչելով եւ ըսելով՝ կեցցէ՛ ՀՄԸՄը, կեցցէ՛ Հայ Ազգը, յաւերժ ապրի Հայաստանը, օրհնեալ ըլլաք դուք սիրելիներ եւ պատիւ բոլորիդ»:
Փոխանցուած խրախուսական եւ իմաստալից պատգամներէն ետք, սկսաւ այնքան սպասուած Նաւասարդեան տողանցքը: Շրջ. վարչութեան հովանաւորած եւ Ոսկան Արիսեանի գլխաւորած փողերախումբի ազգայնաշունչ եւ ոգեւորիչ քայլեղանակներով տողանցեց ՀՄԸՄի ողջ ընտանիքը: Յաջորդաբար տողանցեցին շրջանի ՀՄԸՄի 17 մասնաճիւղերը: Անոնք ՀՄԸՄականի յատուկ հպարտութեամբ տողանցեցին՝ ինքնավստահ ու յաղթական:
Բոլոր տողանցողներն ալ ՀՄԸՄականի ինքնավստահութեամբ բարեւեցին պատուոյ հիւրերուն ու զիրենք խրախուսող ծովածաւալ բազմութեան, ապա գրաւեցին իրենց նշանակուած տեղերը մարզադաշտին վրայ:
Շքերթը սկսաւ շրջանի ՀՄԸՄին ծնունդ տուած Լոս Անճելըսի մասնաճիւղով: Տողանցողները հպարտութեամբ բարեւեցին ներկաներուն եւ յատկապէս մասնաճիւղի երկար տարիներու անդամ եւ «Տիպար ՀՄԸՄական-2010» տիտղոսին արժանացած Պերճ Ճամճեանին, ապա, առ ի գնահատանք՝ շնորհաւորական յուշանուէր մը յանձնեցին անոր:
Գեղեցիկ էր նաեւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղի պատրաստած ձեռային աշխատանքը, որ կը ներկայացնէր մասնաճիւղի «Մասիս» անունը վեհացնող Արծիւի զոյգ թեւերը՝ խորհրդանշելով Մեծ ու Փոքր Մասիսները: Մասնաճիւղը, նոյն աշխատանքի փոքրացուած օրինակը նուիրեց պատուոյ նախագահին:
Ուրախալի էր լսել մանաւանդ ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի աղջկանց մարզիկուհիներ Քրիստինէ Քեբենեկեանի եւ Արփինէ Ամիրխանեանի՝ Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականին մէջ ներգրաւման եւ անոնց արձանագրած յաղթանակներուն մասին:
Օրուան խօսնակները գնահատական խրախուսիչ արտայայտութիւններով ներկայացուցին մասնաճիւղերը եւ անոնց ներկայ պատկերը:
Այնուհետեւ, յանձնուեցան Նաւասարդեան մարզախաղերու գլխաւոր առանցքը հանդիսացող մարզական մրցումներու ախոյեանութեան բաժակները, որոնք յաղթական մասնաճիւղերուն յանձնուեցան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան փոխատենապետին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահին, Տիպար ՀՄԸՄականին, Շրջ. վարչութեան ատենապետին եւ Շրջ. վարչութեան մօտ մարզականի կապ Ժանօ Գահվէճեանի կողմէ:
Յայտագիրի վերջին բաժինով, Շրջ. սկաուտական խորհուրդին կողմէ Նաւասարդեանի դրօշը յանձնուեցաւ պատուոյ նախագահին:
Մարզական խումբերու յաղթանակները եւ մանաւանդ իրենց զաւակներու տողանցքը վայելած հանդիսականները, հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ տեղափոխուեցան փառատօնի շրջափակը՝ մասնակցելու համար Նաւասարդեան մարզախաղերը եզրափակող փառատօնի աւարտական յայտագիրին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Ժոզէֆ Գրիգորեան եւ Անթուան Պէզճեան: Յայտագիրի վերջին երգիչն էր Յարութ Փամպուքճեան, որ իր ճոխ երգերու փունջով աննախընթաց ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեց մարդկային ծովի վերածուած փառատօնին շրջափակը, ուր Նաւասարդեան խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ կէսգիշեր:
Ստորեւ՝ մարզախաղերու ընդհանուր դասաւորման արդիւնքները.
ԼՈՂ
1.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Սանթա Գլարայի «Անի» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ
ԹԵԹԵՒ ԱԹԼԵԹ
1.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Սաութ Պէյի «Արագած» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
ԹԵՆԻՍ
1.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» Մասնաճիւղ
ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿ
1.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ
ՎՈԼԻՊՈԼ
1.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Սանթա Գլարայի «Անի» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
ՖՈՒԹՊՈԼ
1.- ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ
1.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Գրեսենթա հովիտի «Շանթ» եւ Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղեր