ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Ցեղակրօն շարժումը ոչ թէ կուսակցութիւն է, այլ ուխտ։ Նրա կազմակերպութիւններն այդպէս էլ կոչւում են՝ Ուխտեր։ Ով այս կամ այն չափ ծանօթ է Հայոց Պատմութեանը, անմիջապէս կը հասկանայ, որ Ցեղակրօն շարժումը որպէս ուխտ նման է Մամիկոնէից ասպետների Ուխտին. Մամիկոնեանների պէս ցեղակրօնը դաւանում է ազգին անշահախնդիր նուիրուածութիւն եւ յանուն Հայրենիքի մահը քաջաբար ընդունելու վճռականութիւն։
ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ
Քանի մը շաբաթ առաջ, Հայաստանի իշխանաւոր կուսակցութեան՝ «Հանրապետական»ներու նորահաս սերունդը պատանեկան իր ճամբարը ունեցաւ Զանգեզուրի լեռներուն վրայ։ Հայաստանի Հեռուստատեսութեան Առաջին Ալիքը տեսահոլովակով հաղորդեց լուրը՝ յատուկ ուշադրութեան արժանացնելով պատանի «Հանրապետական»ներու այս առիթով ունեցած երդման արարողութիւնը, որ կը յատկանշուէր Նժդեհի Սուրին վրայ «նժդեհականութեան» եւ «ցեղակրօնութեան» հաւատարիմ մնալու ուխտով։
Մէկէ աւելի առումներով՝ պատանի «Հանրապետական»ներու երդման արարողութիւնը եւ «ցեղակրօնութեան» հաւատարիմ մնալու ուխտը արժանի են հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ ուշադրութեան։
Առաջին հերթին ուշագրաւ է այն երեւոյթը, որ «Հանրապետական»ը հետեւողական ճիգ կը թափէ, որպէսզի գաղափարական իր դիմագիծը շեշտաւորէ եւ միայն իշխանութեան կարկանդակին շուրջ հաւաքուած գործիչներու կուսակցութիւն մը չդառնայ. մանաւանդ կուլ չերթայ տակաւին քանի մը տարի առաջ անկուսակցական կամ այլ–կուսակցական իրենց «հանգամանք»ով հանրածանօթ գործիչներու… իշխանամէտ ախորժակներուն։
Ապա՝ նորահաս սերունդը ներգրաւելու եւ պատանեկան ու երիտասարդական շարժում կազմակերպելու իր ճիգով՝ «Հանրապետական»ը փաստօրէն կ՛աշխատի ամբողջացնել լիրաժէք կուսակցութեան մը բնորոշ ստորոգելիները։ Եթէ Հայաստանի ներ–քաղաքական մթնոլորտն ու պայմանները ձեռնտու չեն ժողովուրդին մէջ խարսխուած քաղաքական կուսակցութեան մը կազմակերպական կայացումին համար, այդ բացը կրնայ լրացնել նորահաս սերունդին հետ գաղափարական աշխատանքն ու կազմակերպական հաւաքագրումը։
Վերջապէս, յատուկ խորհրդածութեան արժանի է մանաւանդ այն փաստը, որ պատանի «Հանրապետական»ները երդման արարողութեամբ կը կատարեն իրենց կուսակցական պատկանելութեան հաստատագրումը։ Աւելի՛ն. կ՛երդնուն Նժդեհի Սուրին վրայ եւ կ՛ուխտեն հաւատարիմ մնալ «նժդեհականութեան» ու «ցեղակրօնութեան»։
Նոր չէ, անշո՛ւշտ, որ «Հանրապետական» կուսակցութիւնը կ՛ուզէ ժառանգորդ ներկայանալ Գարեգին Նժդեհին։ Յատկապէս 1998ի այն օրէն, երբ հանգուցեալ Վազգէն Սարգսեանը համանախագահ դարձաւ Աշոտ Նաւասարդեանի հիմնած եւ սնուցած «Հանրապետական»ին, Սպարապետ Սարգսեանի սիրած եւ իր պաշտելի հերոսին՝ Նժդեհի նուիրուած դաշնակցական երգը դարձաւ «Հանրապետական»ներու գաղափարական քայլերգը, իսկ Նժդեհի քարոզած «ցեղակրօնութիւն»ը, իւրովի մեկնաբանութեամբ, վերածուեցաւ «Հանրապետական» կուսակցութեան գաղափարախօսութեան։ Աշոտ Նաւասարդեանի դաւանած «հանրապետականութիւն»ը իր տեղը զիջեցաւ «ցեղակրօնութեան»…
Այսինքն՝ «Հանրապետական» կուսակցութիւնը կեանքի չկոչուեցաւ յանուն «նժդեհականութեան» եւ «ցեղակրօնութեան». այլ՝ այդպիսի՛ն դարձաւ Հայաստանի ներ–քաղաքական դաշտին որոշակի հոլովոյթին բերումով։
Աւելի՛ն. Վազգէն Սարգսեանի համանախագահութեան օրով իշխանութեան տիրացած «Հանրապետական»ը նախ իր դաւանած գաղափարախօսութեան հիման վրայ չստացաւ ժողովուրդի վստահութեան քուէն (այդպէս բան՝ գաղափարախօսական ընտրանքով քուէարկութիւն մինչեւ այսօր անիրականանալի կը մնայ Հայաստանի մէջ), ապա՝ որոշապէս իբրեւ «նժդեհականութիւն» եւ «ցեղակրօնութիւն» դաւանող գաղափարախօսութիւն չներկայացաւ ընտրազանգուածին։
Միայն վերջին նախագահական ընտրութիւններու սեմին, երբ Հայաստանի այժմու նախագահը ատենի վարչապետ հանգուցեալ Անդրանիկ Մարգարեանի հետ համանախագահ դարձաւ «Հանրապետական»ին, կուսակցութիւնը նոր սկսաւ «նժդեհականութիւն»ն ու «ցեղակրօնութիւն»ը բարձրացնել իշխանաւոր գաղափարախօսութեան մակարդակին։ Գաղափարախօսական այդ հունով ալ ընթացաւ «Հանրապետական»ներու ընտրական քարոզարշաւը Հայաստանի նախագահական վերջին ընտրութեան ընթացքին՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու, «Հանրապետական» կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի։
Այս բոլոր նշումները ինքնանպատակ չեն կատարուիր, սակայն։
Կը կատարուին՝ Նժդեհի սուրին վրայ «ցեղակրօնութեան» հաւատարիմ մնալու ուխտ տուող պատանի «Հանրապետական»ներուն յուշելու եւ փոխանցելու համար, որ Նժդեհի դաւանած ու քարոզած «ցեղակրօնութիւն»ը կապ չունի կուսակցական գաղափարախօսութեան հետ եւ չի միտիր որեւէ կուսակցութեան գաղափարախօսութիւն սահմանելու նպատակին։
Ինչպէս որ Նժդեհ ի՛նք կը վկայէ, «ցեղակրօն շարժում»ը իր կողմէ ստեղծուեցաւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին 1930ականներուն, երբ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովին որոշումով իբրեւ դաշնակցական գործիչ ղրկուեցաւ հոն, որպէսզի ձուլման դատապարտուած նորահաս հայորդիներուն փրկէ ուծացումէ.
– «Քանի որ գաղութահայութեան ամենամեծ զանգուածն ապրում է ԱՄՆում, որտեղ եւ մեր սերնդին ամենամեծ վտանգն է սպառնում, ես Ցեղակրօն շարժումը սկզբնաւորեցի Ամերիկայում։ Ցեղակրօն շարժումը ոչ մի ընդհանուր բան չունի եւ չէր էլ կարող ունենալ օտար վարդապետութիւնների հետ, քանզի այն, նախ եւ առաջ, բարեփոխիչ շարժում–վերածնունդ է, որը հնարաւոր է միայն սեփական, այլ ոչ փոխառնուած արժէքներով։ Միայն թուրքամէտ, պարտուողական ու պատմագիտական ասպարէզում տգէտ հայը կարող է պարսաւել Ցեղակրօն շարժումը։
«Ցեղակրօն շարժումը ոչ թէ կուսակցութիւն է, այլ ուխտ։ Նրա կազմակերպութիւններն այդպէս էլ կոչւում են՝ Ուխտեր։ Ով այս կամ այն չափ ծանօթ է Հայոց Պատմութեանը, անմիջապէս կը հասկանայ, որ Ցեղակրօն շարժումը որպէս ուխտ նման է Մամիկոնէից ասպետների Ուխտին. Մամիկոնեանների պէս ցեղակրօնը դաւանում է ազգին անշահախնդիր նուիրուածութիւն եւ յանուն Հայրենիքի մահը քաջաբար ընդունելու վճռականութիւն»։ (Տես՝ «Գարեգին Նժդեհ», հրատարակութիւն Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան, Երեւան, 1995 p., էջ 76)։
Ցեղակրօն կուսակցութեան մը ստեղծումը երբեք օրակարգ չէ եղած Նժդեհի համար։ Ողն ու ծուծով այնքան դաշնակցական էր Նժդեհ, որ նոյնիսկ երբ հեռացուեցաւ Դաշնակցութենէն, ո՛չ ինք դադրեցաւ իբրեւ դաշնակցական ղեկավար գործելէ, ոչ ալ Պալքաններու ՀՅԴ կազմակերպութիւնը համակերպեցաւ իր հեռացման պատիժին հետ։ Իբրեւ այդպիսին գործեց նաեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի վերջին շրջանին, երբ յանուն Պալքաններու դաշնակցական կազմակերպութեան մտաւ մեծ քաղաքականութեան «խաղ»ին մէջ, Նացի գերմանիոյ թէ Խորհրդային Միութեան հետ հակաթուրք գործակցութեան մը առաջադրանքով։
Նաեւ այդ պատճառով խորհրդայինները բնաւ չներեցին Նժդեհին եւ չուզեցին Դաշնակցութենէն դուրս դիտել Ազգի Հերոսին։
Այսօրուան պատանի «Հանրապետական»ները պէտք է սորվին ու գիտնան, որ Նժդեհի ցեղակրօնութիւնը կուսակցական գաղափարախօսութիւն մը չէ, այլ՝ ազգերու ձուլման հարթիչ գլանին տակ ինկած փոքր ածուի՝ հայութեան եւ հայկականութեան ինքնապահպանման, ինքնահաստատման եւ ինքնահզօրացման ոգեկան ակնունքներու որոնումն է։
Ցեղակրօն գաղափարախօսութիւնը դաւանող կուսակցութեան մը հետ այսօրինակ նոյնացման փորձերը միայն արատաւորել կրնան անոր տարողութեամբ մեծութիւնը՝ թէ՛ իր առինքնող անհատականութեամբ եւ թէ իր անունին կապուած Արութեան Գործքով, որոնց վաստակով իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճած է ան հայ ժողովուրդի մտքին եւ հոգիին մէջ։
Նժդեհին պէտք է խնայել յետ–մահու խաչելութեան նման փորձերը։