Բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ Ղարաբաղեան բանակցութիւնները թեւակոխած են նոր ու բարդ հանգրուան մը, որ կը յատկանշուի լարուածութեան խորացումով ու պատերազմի վտանգի մեծացումով:
Այս մթնոլորտին մէջ, չափազանց մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ տարածաշրջանային հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն ցուցաբերելու հարցը:
Մեթիու Պրայզայի Ատրպէյճանի դեսպան նշանակումով, ամերիկեան տարածաշրջանային քաղաքականութեան հաւասարակշռութիւնը պիտի խախտուի՝ լրջօրէն սպառնալով այդ աշխարհամասի կայունութեան:
Պրայզայի կողմնակալութիւնը բացայայտ է: Անոր ատրպեճանամէտ կեցուածքները կը մտահոգեն մեզ: Հետեւաբար, չենք կրնար ձեռնածալ մնալ, երբ Ուաշինկթընի մէջ շուտով պիտի ընթանան անոր նշանակման քննարկումները:
Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամները շուտով առիթ պիտի ունենան հարցապնդելու Պրայզան եւ արտայայտելու իրենց գնահատականները՝ տրուած պատասխաններուն կապակցութեամբ:
Կարեւոր է, ուրեմն, որ արտաքին յանձնաժողովի անդամ ծերակուտականները տեղեակ ըլլան մեր մտահոգութիւններուն ու վերապահութիւններուն մասին, նաեւ մեզ տագնապեցնող հարցերը տան Պրայզային:
Ծերակուտականները ինքնաբուխ կերպով նման հարցումներ պիտի չուղղեն Պրայզային: Մենք ենք, որ պէտք է մղենք զանոնք լրջօրէն հարցապնդելու Պրայզան: Պէտք է ուղղակիօրէն կապուինք յանձնաժողովի անդամ ծերակուտականներուն ու պահանջենք իրենցմէ, որ իրենց կարգին սպառիչ պատասխաններ պահանջեն Պրայզայէն ու մերկացնեն անոր կողմնակալ դիրքորոշումը:
Քալիֆորնիոյ շրջանէն վերոնշեալ յանձնախումբի անդամ է ծերակուտական Պարպարա Պաքսըր:
Հեռախօսով, ելեկտրոնային նամակներով, դիմենք ծերակուտական Պաքսըրին: Թող իմանայ ծերակուտականը մեր մտահոգութիւնները, եւ համապատասխան քայլեր առնելու մեր պահանջքը թող հասնի իրեն:
Ձեռնածալ չմնանք:
Ծերակուտականին կայքէջի հասցէն է՝ http://boxer.senate.gov:
Office of U.S. Senator Barbara Boxer
1700 Montgomery St., Suite 240
San Francisco, CA 94111
(415) 403-0100
(202) 224-0454 fax