Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր գործունէութիւնը խարսխած է ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ, որոնց առաւել արմատաւորման մէջ, ան կը տեսնէ իր կազմակերպական հզօրացման ուղին:
Շրջանային (նաեւ կեդրոնական) ղեկավար մարմինի մէջ ծառայելու ժամկէտային սահմանափակումը (ամէն տարի, շրջանային վարչութեան կազմի անդամներէն որոշ թիւ մը մէկ տարիով անընտրելի կը դառնայ՝ տեղ տալով նոր անդամներու. կազմի մնացեալ մասը կը նորոգուի յաջորդ տարին) արդէն իսկ պատահականութեան չի թողուր ամէն տարի թարմ ուժերով համալրուելու հնարաւորութիւնը՝ միշտ ճամբան բաց պահելով նոր թեկնածուներու, ու անոնց միջոցաւ՝ նոր գաղափարներու, նոր մօտեցումներու:
Այս տարի Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային ժողովը քայլ մը եւս յառաջ կ՛երթայ՝ իր ժողովական պատուիրակներու թիւը աւելցնելով:
Արդարեւ, ՀՕՄի համահայկական պատգամաւորական վերջին ժողովին որդեգրած կանոնագրային փոփոխութեան շնորհիւ, այս տարի շրջանային ժողովի մասնակից պատգամաւորներուն թիւը հասած է շուրջ եօթանասունի՝ նախորդ տարուան 48ին փոխարէն:
Կազմակերպութեան ժողովրդավարական խարիսխի ընդարձակման, ղեկավարներու շրջանակի յարատեւ ընդլայնման ճանապարհներով, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան շրջանը, իր գործունէութեան որակական մակարդակը պահպանելու եւ նոր բարձունքներ նուաճելու գրաւականն է, զոր ապահոված է:
Տեղական թէ համահայկական մակարդակի ծանր պարտաւորութիւններ ու պատասխանատուութիւններ ստանձնած կազմակերպութիւնը, տնտեսական ճգնաժամին պատճառով, այս տարի եւս պիտի աշխատի ծանր պայմաններու տակ, իր հովանաւորութիւնը վայելող ազգային կառոյցներու դիմագրաւած նիւթական տագնապալի կացութեան ծանրութիւնն ալ ամէն րոպէ զգալով իր վրայ: Աւելի ծանր օրեր տեսած այս կազմակերպութիւնը, սակայն, վստահաբար իրեն մէջ պիտի գտնէ անհրաժեշտ ներուժը՝ դիմագրաւելու համար թէ՛ իր խնդիրները եւ թէ օգնութեան ձեռք երկարելու ազգային միւս կառոյցներուն:
Բարեսիրական, մարդասիրական, ազգային բազմապիսի ծրագիրներ շարունակելու յանձնառութեամբ ու նորերը մշակելու վճռականութեամբ հաւաքուած Հայ Օգնութեան Միութեան պատգամաւորներուն ու շրջանային ժողովին յաջողութիւն կը մաղթենք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.