Էջը պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Բժիշկներու եւ հոգեբաններու կարծիքով, կան 7 համոզիչ պատճառներ, որպէսզի իւրաքանչիւր անձ մտածէ եւ գործնականի անցնի իր աւելորդ ծանրութիւնը պակսեցնելու համար։
1.- Իտէալ ծանրութիւն ունեցող անձը աւելի հանգիստ եւ խաղաղ կը քնանայ, քան՝ գէր անձը։
2.- Իտէալ ծանրութիւն ունեցող անձը հոգեպէս աւելի հանգիստ եւ ուրախ կ՛ըլլայ, քան՝ գէր անձը, որ հակամէտ է հոգեկան անկումի մատնուելու։
3.- Իտէալ ծանրութիւն ունեցող անձը սկզբունքով 7 տարի աւելի երկար կ՛ապրի, քան՝ գէր անձը, որ գիրութեան պատճառով նաեւ տեսակաւոր հիւանդութիւններ պիտի դիմագրաւէ։
4.- Իտէալ ծանրութեամբ անձը պիտի չտառապի ծունկի եւ կռնակի ցաւերէ, որոնք չեն պակսիր գէրերուն մօտ։
5.- Իտէալ ծանրութեամբ անձը պիտի չունենայ ստամոքսային այրուածքները, որոնցմէ կը տառապին գէրերը եւ կը ստիպուին դեղերու դիմել։
6.- Իտէալ ծանրութեամբ անձերը նուազ հակամէտ են տեսողութեան եւ աչքի առողջութեան հետ կապուած հիւանդութիւններու, ինչպէս՝ քաթարաքթ, եւ այլն…
7.- Իտէալ ծանրութեամբ անձերուն բժշկական քննութիւնները (էքոկրաֆի, մամոկրաֆի, ալթրասաունտ…) աւելի ճշգրիտ արդիւնք կու տան, մինչդեռ գէրերուն մօտ պարագան նոյնը չէ։
————————————————————————————————————————————————————–
ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ
Լքուած Ըլլալու Վախ Կ՛ապրի՞ք
Շատեր կ՛ապրին իրենց շրջապատէն լքուած ըլլալու եւ առանձին մնալու վախը։ Այս պատճառով ալ կը փորձեն տեւաբար համակերպիլ՝ ընդունուելու բոլորէն եւ հաճելի դառնալու համար շրջապատին։ Ասոնք կը մոռնան իրենց «ես»ը, իրենց անհատականութիւնը՝ միմիայն չմեկուսացուելու մտահոգութեամբ։
Իսկ դո՞ւք, արդեօք կ՛ապրի՞ք նոյնանման մտահոգութիւն մը… իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը։
1.- Երբ անձ մը ձեզ յուսախաբ ընէ, ինչպէ՞ս կը հակազդէք.
ա.- Պաղարիւնութեամբ։
բ.- Ընդվզումով։
գ.- Հանդարտօրէն։
2.- Երբ փոքր էիք, ունէիք այն տպաւորութիւնը, որ՝
ա.- Ձեր ծնողները շատ մը բաներ գաղտնի կը պահէին ձեզմէ։
բ.- Բաւարար ժամանակ չունէին ձեզմով զբաղելու։
գ.- Ձեզ չէին սիրեր։
3.- Ձեր սիրած անձէն բաժնուելէ ետք, ամէնէն ծանրը՝
Ա.- Շուրջիններուն բացատրութիւն տալն է։
բ.- Դաւաճանուած ըլլալու զգացումն է։
գ.- «Վէրքը բուժող» ժամանակամիջոցն է։
4.- Սիրոյ մէջ՝
ա.- Կեանքի նոր էջ մը կը բացուի ձեր դիմաց։
բ.- Կը հրաժարիք ձեր սիրած անձէն։
գ.- Ձեր սիրած անձը կը հրաժարի ձեզմէ։
5.- Ուրիշներու հետ ձեր յարաբերութեան մէջ կը զգաք, թէ՝
ա.- Անձնասէր էք։
բ.- Զոհ էք։
գ.- Յանցաւոր էք։
6.- Երբ անձ մը ձեզ դրուատէ, հաճոյախօսութիւն մը ընէ,
ա.- Շնորհակալութիւն կը յայտնէք եւ կը փոխադարձէք։
բ.- Այն տպաւորութիւնը կ՛ունենաք, որ ձեր ուշադրութիւնը գրաւելու նպատակով է։
գ.- Այն տպաւորութիւնը կ՛ունենաք, որ ձեզ կը ծաղրէ։
7.- Զրոյցի մը ընթացքին, հարցի մը շուրջ ձեր կարծիքը կ՛առնուի.
ա.- Անկեղծօրէն եւ յստակօրէն ձեր տեսակէտը կը պարզէք։
բ.- Կը փորձէք զրոյցին ընթացքին պարզուած կարծիքներուն համադրումը կատարել։
գ.- Նոյնիսկ եթէ համոզուած չէք, մեծամասնութեան կարծիքին մօտ կարծիք մը կու տաք։
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, շատեր ձեզ կարծր անձ կը համարեն։ Շատ դիւրաւ կը հրաժարիք ձեզ յուսախաբ ընող անձերէն, ինչ որ կապ ունի ձեր զօրաւոր անհատականութեան հետ։ Այս մեծ ինքնավստահութիւնը, որ ունիք, սակայն իր ետին կը պահէ գաղտնի վախ մը, որ օրին մէկը ոմանք լքեն ձեզ, ահա թէ ինչո՛ւ դուք կ՛առնէք առաջին քայլը՝ որպէս ինքնապաշտպանութիւն։
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, կեանքի մէջ որոշ հաւասարակշռութիւն մը գտած էք, ձեր շրջապատին հետ ո՛չ կարծր էք եւ ո՛չ ալ թոյլ։ Գիտէք տեղին եւ առանց զիջում կատարելու ձեր «ես»ը արժեւորել, ձեր համոզումները պարզել՝ առանց հաշուետու ըլլալու ձեր շրջապատին։ Անշուշտ չէք ուզեր մեկուսացուիլ, լքուիլ, բայց ձեր տեսակէտները կը մնան աւելի կարեւոր։
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, մնայուն վախի մէջ էք, որ՝ բոլորը պիտի լքեն ձեզ, պիտի կորսնցնէք ձեր շրջապատին սէրը, աջակցութիւնը։ Իսկ այս հոգեվիճակը կ՛ազդէ ձեր ընկերային յարաբերութիւններուն վրայ, որոնց ընթացքին պատրաստ էք տեւաբար զիջումներ կատարելու, ձեր տեսակէտներէն հրաժարելու, ձեր «ես»ը մեռցնելու, պարզապէս ձեր շուրջինները չկորսնցնելու համար։ Այս ցաւալի հոգեվիճակը շատ հաւանաբար կու գայ ձեր մանկութենէն եւ ձեր ստացած դաստիարակութենէն։
—————————————————————————————————————————
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Այծի Պանիրով Լոլիկ
Ամրան տաք օդին, փորձեցէք այս թեթեւ եւ համեղ խոհագիրը, որ նաեւ շատ ախորժաբեր եւ ներկայանալի է։ Եթէ շուկայէն 3 տարբեր գոյնի լոլիկ գտնէք, ա՛լ աւելի գեղեցիկ ու աչքի համար հաճելի կ՛ըլլայ ձեր պատրաստածը։
6 անձի համար
Բաղադրութիւն
– 6 լոլիկ (դեղին)
– 6 լոլիկ (կարմիր)
– 6 լոլիկ (գինեգոյն կամ կանաչ)
– 200 կրամ այծի պանիր
– 9 շերտ խոզապուխտ
(ձեր ճաշակին)
– 6 ապուրի դգալ ձէթ
– Ռեհան
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Լուալ եւ ցամքեցնել լոլիկները, գլուխները կտրել եւ թէյի դգալով մը զգուշութեամբ պարպել միջուկը։ Աղել եւ համեմել փորուած լոլիկները։
Լուալ եւ ցամքեցնել ռեհանի տերեւները եւ քիչ մը խոշոր մանրել։
Այծի պանիրը ամանի մը մէջ դնել եւ պատառաքաղով ճզմել, աւելցնել 3 ապուրի դգալ ձէթը, ռեհանը, քիչ մը աղ եւ սեւ համեմը, խառնել միատեղ եւ սառնարանը դնել։
Խոզապուխտի շերտերը քիչ մը ձեւաւորել, որպէսզի լոլիկներուն վրայ տեղաւորուին։
Իւրաքանչիւր պնակի մէջ դնել 3 տարբեր գոյնի լոլիկներ, զարդարել պանիրով եւ խոզապուխտի շերտով եւ ապա լոլիկին գլուխը կրկին զետեղել՝ կափարիչի պէս։
Նախքան հիւրասիրելը՝ զարդարել ռեհանի լման տերեւներով եւ մնացեալ ձէթէն քիչ մը տարածել լոլիկներուն վրայ։