ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Այս օրերուն, երբ Թուրքիոյ իսլամական արմատներ ունեցող կառավարութիւնը կը պայքարի լաչակ կրելու իրաւունքին ի նպաստ, իսկ Ֆրանսայի մէջ միայն աչքերը չծածկող լաչակի մէկ տարբերակը՝ «նիքապ»ը, արգիլելու նախաքայլը կ՛առնուի խորհրդարանին կողմէ (բանաձեւը օրէնքի պիտի վերածուի միայն եթէ Ծերակոյտը եւս զայն վաւերացնէ ու նախագահը՝ ստորագրէ), Սուրիոյ մէջ, աւելի լուռ պայքար մը կը տարուի լաչակներու դէմ:
Արդարեւ, «Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերը կը գրէ, թէ սուրիական քաղաքային եւ ընկերային կազմակերպութիւններու տուեալներուն համաձայն, մօտաւորապէս 1200 ուսուցչուհիներ պետութեան կողմէ այլ պաշտօններու վրայ դրուած են, որովհետեւ անոնք «նիքապ» կը կրեն:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը այս մասին պաշտօնական որոշում մը չէ հրապարակած, այս քայլերը խոտոր չեն համեմատիր կառավարութեան աշխարհիկ սկզբունքերուն եւ իսլամ արմատականութեան դէմ պայքարելու վճռակամութեան, որուն ամենացցուն օրինակը 1982ին, Սուրիոյ Համա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Իսլամ եղբայրներ» շարժումը վայրագօրէն ճզմելու քայլն էր, որ աւելի քան 10,000 զոհ խլած էր:
Միւս կողմէ, Երկուշաբթի, Յուլիս 19ին նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ Սուրիոյ կրթական նախարարութիւնը մէկ օր առաջ հրապարակուած որոշումով մը վճռած է «նիքապ»ը արգիլել երկրին համալսարաններուն մէջ:
«Իքոնոմիսթ» կը գրէ, թէ կառավարութեան համար զգայուն հարց է յատկապէս կրթական համակարգին մէջ իսլամական քարոզչութեան հարցը, եւ անցեալ տարի արդէն իսկ քայլեր առնուած էին երկրին իսլամական դպրոցները աւելի խիստ հսկողութեան տակ դնելու համար:
Թերթը կ՛եզրակացնէ, թէ մինչ Սուրիոյ մէջ որոշ շրջանակներ լաչակ կրելու արգելքը ազատութեանց ոտնակոխում կը համարեն, կը թուի, թէ նոյնիսկ կանանց իրաւանց պաշտպանները դէմ են ուահապիական իսլամութեան ազդեցութիւնը լաչակի գործածութեան միջոցաւ սուրիական ընկերութեան մէջ հզօրացնելու փորձերուն:
Սուրիա իսլամ արմատականութեան տարածումը զսպելու զուգահեռ, կը փորձէ նաեւ ըլլալ իսլամական աշխարհի մէջ չափաւորականութեան գլխաւոր ներկայացուցիչը. դեր մը, որուն տիրանալու համար, վերջերս սուր պայքար կը մղէ նաեւ Թուրքիան: