ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ալմաթայի մէջ ղարաբաղեան հարցին վերաբերեալ որեւէ յառաջընթաց կարելի չէ եղած արձանագրել:
Ատրպէյճանի կողմը այս ժողովէն, չես գիտեր ի՛նչ ներշնչումով, կ՛ակնկալէր, որ ոսկէ սկուտեղի վրայ պիտի ստանայ Լաչինն ու Քելբաջարը: Անշուշտ այդպէս չեղաւ, եւ Ատրպէյճան դժգոհ դուրս եկաւ հանդիպումէն՝ չմոռնալով Հայաստանը քննադատել բանակցութիւնները ձգձգելու մեղադրանքով:
Հայաստան հասկնալիօրէն մեծ ակնկալութիւններով չէր գացած Ալմաթա: Ատրպէյճանի ղեկավարներու կարծր ու ռազմաշունչ յայտարարութիւնները, հայ-ատրպեճանական սահմանագիծի վրայ հրադադարի ամէնօրեայ խախտումները բաւարար նշաններ կը հանդիսանային համոզելու համար Հայաստանի ղեկավարները, թէ բանակցութիւններուն մէջ որեւէ դրկան տեղաշարժ տեսնելու յոյսեր չկան:
ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչները պնդեցին Հելսինքեան երեք կարեւորագոյն՝ ուժի կիրառումը մերժելու, երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը հաւասարապէս յարգելու, սկզբունքներուն վրայ եւ վերահաստատեցին վերջին երկուքին համատեղ լուծման կախարդական բանալին փնտռել շարունակելու իրենց յանձնառութիւնը:
Ուրեմն՝ ո՛չ մէկ նորութիւն. իրավիճակը կը մնայ նոյնը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ատրպէյճան պիտի շարունակէ սպառնալիքներ արձակել Հայաստանի ու Ղարաբաղի դէմ, թէ հայ-ատրպեճանական սահմանը պիտի շարունակէ մնալ անհանգիստ եւ թէ ատրպեճանական ուժերը պիտի շարունակեն կոպտօրէն խախտել հրադադարը:
Ալմաթայի բանակցութիւնները ընդգծեցին, որ Ատրպէյճան տակաւին պատրաստ չէ յարգելու Արցախի ժողովուրդին ազատ ապրելու իրաւունքը, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը պիտի շարունակէ ուժի կիրառումով հայկական հողեր բռնագրաւելու ծրագիրներով խանդավառուիլ եւ որ Ատրպէյճան պիտի շարունակէ Հայաստանի դէմ իր քարոզչական լայնածաւալ արշաւը:
Միակ դրականը՝ ԵԱՀԿի միջնորդներուն՝ բանակցային գործընթացը շարունակելու յանձնառութիւնն է: Սոսկ այդ փաստը, հայկական կողմին համար, բաւարար պէտք է ըլլայ Ալմաթայի հանդիպումը դրական գնահատելու: