ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբերին, Ազգային ժողովի «Ոսկեզօծ» դահլիճին մէջ կը կայանայ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի արձանագրութիւնները ամփոփող գիրքին շնորհահանդէսը:
Ըստ Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանի, արխիւը հրատարակած է խորհրդարանի արձանագրութիւնները 1918 Օգոստոս 1ի առաջին նիստէն մինչեւ վերջին՝ 1920ի Նոյեմբեր 25ի նիստը, իսկ հրատարակման աջակցած է Ազգային ժողովը:
Հայաստանի ազգային արխիւը մինչեւ տարեվերջ պիտի հրատարակէ եւս հինգ գիրք: Կը նախատեսուի լոյս ընծայել «Հայաստանը եւ խորհրդաթուրքական յարաբերութիւնները դիւանագիտական փաստաթղթերում»՝ Աստուածատուր Խաչատրեանի հեղինակութեամբ գիրքը, որուն կը կցուի նաեւ Ա. Խատիսեանի օրագիրը: Պիտի հրատարակուին նաեւ «Արեւելահայ եւ թուրքական դիւանագիտական յարաբերութիւնները» բազմակողմանիօրէն ներկայացնող, «ՀՀ կառավարութեան նիստերի արձանագրութիւնները 1918-1920» ամփոփող եւ «Հայաստանի հանրապետութեան դիւանագիտական պատմութիւնն անկախութեան հռչակումից մինչեւ Խորհրդային իշխանութեան հաստատման օրը» ներկայացնող գիրքերը՝ Միքայէլ Թումանեանի հեղինակութեամբ:
Ա. Վիրաբեանի տեղեկութիւններով, այս տարի Ազգային արխիւը պիտի ծախսէ հինգ միլիոն դրամ՝ սկզբնաղբիւրներ հրատարակելու համար:
Նշենք, որ անցեալ տարի արխիւը հրատարակած էր Արամ Մանուկեանի ծննդեան 130ամեակին նուիրուած հատոր մը, ուր մէկտեղուած են յայտնի բոլոր փաստաթուղթերը, գրառումները, նամակները եւ բոլոր լուսանկարները, որոնք կապ ունին Արամ Մանուկեան հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.