ԾԱՂԿԱՁՈՐ, «Թերթ».- Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Յուլիս 6-10 օրերուն, Ծաղկաձորի գրողներու ստեղծագործական տան մէջ կայացած է Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ թեմապատկան կիրակնօրեայ վարժարաններու շուրջ 130 ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացք, որ կազմակերպուած էր Մայր աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին կողմէ՝ «World Vision» միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակին հետ գործակցաբար:
Վերապատրաստման իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ քահանայ հայրեր: Բացի դասախօսութիւններէն, մանկավարժները հանդիպած են նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան մշտական յանձնաժողովի անդամ Անահիտ Բախշեանի հետ: Վերջինս հանգամանօրէն ներկայացուցած է կրթական համակարգի վերջին օրէնսդրական բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ պատասխանած մասնակիցները յուզող հարցերուն: Մանկավարժներուն կողմէ բարձրացած են շարք մը խնդիրներ եւ կատարուած՝ գործնական առաջարկներ:
Իրականացած է նաեւ շարականներու եւ հոգեւոր երգերու ուսուցում: Ուսուցիչները ծանօթացած են նաեւ կիրակնօրեայ կրթօճախներու գործունէութեան փաթեթին եւ «Մեր կեանքն Աստծու հետ է» դասագիրքերու հիման վրայ մշակուած ուսումնական ծրագիրին:
Յուլիս 9ին, դասընթացքի հանդիսաւոր փակման, հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու գեղեցիկ կատարումով ելոյթ ունեցած է Ս. Գեղարդաւանքի երգչախումբը, ապա հանդիսութիւնը փակուած է Կոտայքի թեմակալ առաջնորդ Տ. Առաքէլ եպս. Քարամեանի օրհնութեան խօսքով, որուն մէջ սրբազան հայրը իր գնահատանքը ուղղած է դասընթացքի կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն՝ յորդորելով հաւատարիմ մնալ ուսուցիչի նուիրական կոչումին:
Փակման հանդիսութիւնը աւարտած է վեհափառ հայրապետի կենաց արեւշատութեան համար եղած հաւաքական մաղթանքով ու աղօթքով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.