ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլհան Փոլուխով, մեկնաբանելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութիւնը, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ գոյութիւն ունին առաջարկներ, որոնք կատարուած են Ս. Փեթերզպուրկի մէջ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հանդիպումին ժամանակ՝ Հինգշաբթի, Յուլիս 22ին նշեց, թէ փեթերզպուրկեան հանդիպումին մասնակցած է միայն Մինսկի խմբակի մէկ համանախագահող կողմը՝ Ռուսիան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հոն հնչած առաջարկները ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի նախաձեռնութեանց արդիւնք չեն։
«Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի ձեւաչափը կ՛ենթադրէ երեք համանախագահող երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միջեւ համաձայնեցուած առաջարկներու ներկայացում», ըսած է Փոլուխով։
«Ռուսիոյ կողմէ պարզապէս կատարուած էր աշխատանքային առաջարկ, որ ոչ մէկ ձեւով չ՛ազդեր ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի յառաջ քշած մատրիտեան նորացուած սկզբունքներուն վրայ։ Ներկայիս բանակցային գործընթացի ձեւաչափը հաստատուած է Աթէնքի մէջ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութեան մէջ, որմէ ետք՝ Գանատայի մէջ, «Մեծ ութեակ»ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներու համատեղ յայտարարութեան մէջ», նշած է ան։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անգամ մը եւս ընդգծած է, որ կը շարունակէ ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը վերոյիշեալ համատեղ յայտարարութիւններուն հիմամբ:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին կապերու բաժնի ղեկավար Նովրուզ Մամետով լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու՝ Ալմաթայի մէջ կայացած հանդիպման, ըսած է, որ հոն ցանկալի արդիւնք չապահովուեցաւ։ «Սակայն ես յոյսով եմ, որ գործընթացը կանգ չէ առած։ Այժմ միջազգային հանրութեան բոլոր շրջանակները՝ ե՛ւ համանախագահները, ե՛ւ նախագահները, ե՛ւ նախարարները համատեղ քայլեր կ՛առնեն։ Հայկական կողմը ուշ կամ կանուխ պէտք է պատասխանէ։ Հայկական կողմը յաճախ նման գործողութիւններ կ՛ընէ ժամանակ շահելու նպատակով, սակայն միջազգային հանրութիւնը եւ համանախագահող երկիրները պէտք է Հայաստանէն շօշափելի քայլեր պահանջեն։ Հայկական կողմը այլ ելք չունի։ Յաջորդը պէտք է ըլլայ մատրիտեան սկզբունքներու առաջարկներուն պատասխանը, եւ մենք ատոր կը սպասենք», ըսած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.