ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԲԺԻՇԿ ՄԻՍԱՔ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻ ՀԵՏ
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ.- Շնորհակալ ենք, որ ընդառաջեցիք, ձեր մասնակցութինը բերելով սոյն հարցազրոյցին: Գաղութին յայտնի էք ազգային-հասարակական կեանքէն ներս ձեր ունեցած աշխոյժ մասնակցութեամբ: Նախքան միւս հարցերուն անդրադառնալը, պիտի խնդրէինք ներկայացնել ձեր կենսագրականը համառօտ գիծերու մէջ:
ՏՈՔԹ. ՄԻՍԱՔ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ.- Ծնած եմ Սուրիա. յաճախած եմ Հալէպի Քոլեճը, իսկ աւելի ուշ՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, ուր ստացած եմ M.D. աստիճանը, մասնագիտանալով Ծննդաբերութեան եւ Գինեկոլոգիայի ճիւղին մէջ: 1965-1966 աշխատած եմ Պոսթընի Լա Հէյ բժշկանոցին մէջ, իսկ 1969-1971 թուականներուն՝ իբրեւ Լիբանանահայ բժշկական ընկերակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ:
1978ին տեղափոխուելով Լոս Անճելըս՝ մասնաւոր կերպով շարունակած եմ աշխատիլ իմ մասնագիտութեամբ: Հիմնադիր անդամներէն եմ եւ առաջին նախագահը՝ 1985ին հիմնուած Քալիֆորնիահայ բժշկական ընկերակցութեան: Բժիշկ Ճան Գասապեանի հետ միասին, կազմակերպած ենք Համաշխարհային 4րդ Հայկական բժշկական համագումարը, որ տեղի ունեցաւ 1987ին, Լոս Անճելըսի մէջ: 1988-1992ին անդամակցած եմ Լոս Անճելըս գաւառի 11րդ շրջանի Բժշկական որակի ստուգման յանձնախումբին: Ծառայած եմ իբրեւ Ս. Նահատակաց Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամ եւ երեսփոխան: 2002ին կոչուած եմ հանգստեան, իսկ 2007էն առ այսօր, կը ծառայեմ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմին մէջ՝ իբրեւ նախագահ:
Ամուսնացած եմ Ռիթա Պօլեանին հետ. բախտաւորուած ենք երկու դուստրերով եւ երկու թոռներով:
Վ.Ք.- Բժիշկ Պարսամեան, ինչո՞ւ ընտրեցիք բժշկական ասպարէզը. ի՞նչը մղեց ձեզ, որ զբաղիք այդ մասնագիտութեամբ, որ մարդասիրական իր էութեամբ՝ կոչուած է ծառայելու հասարակութեան առողջական կարիքներուն:
Մ. Պ.- Առաջմղիչ ուժը եղած է մեծ եղբայրս, որ նոյնպէս աւարտած է Հալէպի բժշկական համալսարանը: Ան մեծապէս քաջալերած է զիս, որ ուսանիմ՝ հետեւելով նոյն ճիւղին: Մարդոց դարմանումի կարիքներուն ծառայելը բժիշկի կոչումն է: Կը կարծեմ, որ իր մասնագիտութեան համընթաց, հայ բժիշկը պէտք է օգտագործէ իր մասնագիտութիւնը՝ զայն ծառայեցնելով մեր համայնքին մէջ ապրող հայրենակիցներու առողջական կարիքներուն:
Վ.Ք.- Ինչպէս յայտի է ինծի, դուք եղած էք Քալիֆորնիահայ բժշկական ընկերակցութեան հիմնադիրներէն, որուն 25ամեակի տօնակատարութիւնը նշուեցաւ մօտ երկու ամիս առաջ: Կարելի՞ է այս կազմակերպութեան կատարած գործին եւ առաքելութեան մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդէք մեր ընթերցողներուն:
Մ.Պ.- Ինչպէս վերը նշեցինք, այս ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1985ին, Լոս Անճելըսի մէջ: Ամերիկահայ խումբ մը բժիշկներու համատեղ ջանքերուն եւ ապագայի տեսլականով ոգեշնչուած նախաձեռնութեան արդիւնքն էր սոյն միութիւնը: Ես եղած եմ հիմնադիր անդամներէն եւ առաջին նախագահը այս միութեան, որ յայտնի է բարեգործական իր հարուստ պատմութեամբ: Ան, իր հիմնադրման առաջին իսկ տարիներէն առ այսօր, կը շարունակէ իրագործել հայրենաշէն լայնածաւալ ծրագիրներ:
Մեր ընթերցողներուն որոշ պատկերացում տալու համար, թուարկենք այդ ծրագիրներէն քանի մը հատը.
AAMSC Juvenile Diabetes Project-ը կը գործէ դոկտ. Մարկ Նազարեանի ղեկավարութեամբ, սկսած 1993էն մինչեւ այսօր, հայրենիքի մէջ շաքարախտով հիւանդ դեռահասներու համար հասցնելով դեղորայք եւ բժշկական գործիքներ:
Հայաստանի մէջ կը գործէ արդիական սարքաւորումներով օժտուած Շէնգաւիթի ծննդաբերական հիւանդանոցի ծրագիրը, որ բժիշկ Պետրոս Կոճեանի ոգեշնչման արդիւնքն է: Միութեան եւ բժիշկ Կոճեանի համատեղ ջանքերով, սոյն հիւանդանոցին մէջ կը կատարուին յատուկ վիրահատումներ, ինչպէս նաեւ՝ բժիշկներու վերապատրաստում, անոնց ընձեռելով նորագոյն միջոցներով վիրահատումներ կատարելու հնարաւորութիւն:
2003ին, բժիշկներ՝ Ա. Շերիկի եւ Մ. Նազարեանի ջանքերով, Հայաստանի մէջ հիմը դրուեցաւ AAMSC Pediatric Epilepsy Project-ին: Անցնող տարիներու ընթացքին միութիւնը հայրենիք առաքած է սարքաւորումներ, գիրքեր եւ դեղորայք:
Նոյնպէս, Քալիֆորնիահայ բժշկական միութեան ջանքերով եւ տիկնանց օժանդակ մարմինի աջակցութեամբ, Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ գտնուող երեք գիւղերու մէջ տեղադրուած են բժշկանոցներ (clinics):
Արցախեան լեռնաշխարհի մէջ, հեռաւոր գիւղերու բնակչութեան բժշկական օգնութիւն հասցնելը դիւրացնելու նպատակով, 2009ին, միութիւնը Արցախին նուիրած է ախտաճանաչման եւ «թերափի» բժշկական շարժական կայաններ:
Իբրեւ իր առաքելութեան մէկ մասը, Քալիֆորնիահայ բժիշկներու միութիւնը, ամսական դրութեամբ, իր անդամներուն համար կը կազմակերպէ շարունակական բժշկական ուսուցման դասընթացքներ: Այսքանը՝ համառօտ:
Վ.Ք.- Վերջին հարցումս. ի՞նչն է հայ բժիշկին առաքելութիւնը. այսինքն՝ բացի հանրութեան ծառայելու իր կոչումէն, ան ի՞նչ ունի տալիք իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին: Այս առնչութեամբ ի՞նչ պատգամ ունիք փոխանցելու մեր ընթերցողներուն:
Մ.Պ.- Միայն մասնագիտութեամբ զբաղիլը դեռեւս բաւարար չէ ազգին օգտակար հանդիսանալու համար: Բժիշկը, եւ ընդհանրապէս հայ գիտակից մտաւորականը, ունի նաեւ ազգային պարտականութիւն: Իմ փափաքս է, որ իւրաքանչիւր հայ բժիշկ, ինչպէս նաեւ ոեւէ հայ մտաւորական կամ անհատ, իր մասնագիտութեան կողքին, իր ծառայութիւնը բերէ թէ՛ համայնքին եւ թէ Հայաստանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու անմիջական կարիքներուն՝ գաղութին մէջ գործող հասարակական, մշակութային, մարզական կամ քաղաքական կառոյցներէն որեւէ մէկուն անդամակցելով, եւ այդ կառոյցին միջոցով, իր իմացական կարողութիւնն ու մասնագիտական փորձառութիւնը ի սպաս դնելով իր ազգի եւ հայրենիքի բարգաւաճման ու վերելքին: