
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յուլիս 31էն Օգոստոս 8ի միջեւ, Բիւրականի բանակավայրին մէջ կը կայանայ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) 9րդ բանակումը։ ՀՄԸՄ-Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութեան (ՀԱՍԿ) այս տարուան բանակումի նշանաբանն է՝ «Գործենք միասնաբար»: Բանակումին կը մասնակցին 18 երկիրներէ հայրենիք ժամանած 560 սփիւռքահայ սկաուտներ։
Բանակումի ընդհանուր պատասխանատու Օշին Փիրումեան Յուլիս 30ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է, որ այս տարուան ծրագիրի ծիրէն ներս, ձեռնարկները բաժնուած են երկու մասի՝ սկաուտական բնոյթին եւ շրջապտոյտ-այցելութիւններու:
Ըստ պատասխանատուին, բանակումին անդամագրուելու համար, որեւէ յատուկ նախապայման կամ սահմանափակումներ չեն եղած: Բանակումի ընթացքին բանակողներուն պիտի այցելեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականցուող «Արի Տուն» ծրագիրի 170 մասնակիցները: Իսկ փակման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, պատուիրակութիւնները հնարաւորութիւն պիտի ունենան իրենց անդամներուն հետ իրականացնելու ոչ պաշտօնական այցելութիւններ Երեւանի մէջ:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ վարչութեան ատենապետ Հրաչեայ Շմաւոնեան, կարեւոր համարելով բանակումին նշանակութիւնը՝ յոյս յայտնած է, որ անիկա պիտի արժանանայ պետական այրերու ուշադրութեան: Անոր խօսքով, իսկապէս օժանդակութեան կարիքը ունին իրենք, որովհետեւ ծրագիրը ազգային մեծ նշանակութիւն ունի: Իսկ համագործակցութիւնը ղեկավար մարմիններու հետ, ըստ իրեն, հետզհետէ առաւել լուրջ բնոյթ կը կրէ: Այդ առումով, յատկանշական է Երեւանի քաղաքապետարանի ցուցաբերած աջակցութիւնը: «Գործնականին մէջ մեր համագործակցութիւնը պետական մարմիններու հետ առայժմ կը սահմանափակուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեամբ, որուն մենք շատ շնորհակալ ենք», ըսած է ան:
Նշենք, որ սկաուտական մասնաճիւղեր կը գործեն Հայաստանի ութ քաղաքներու մէջ: Հայաստանի մէջ սկաուտական գործունէութիւն կ՛իրականացուի 1989էն ի վեր, եւ մինչ օրս իրագործուած է շուրջ 100 սկաուտական ձեռնարկ: