ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամէն անգամ, երբ Հայկական Ցեղասպանութեան հետ հեռուէն կամ մօտէն առնչուող նիւթական հատուցման խնդիր կ՛արծարծուի, անհանգիստ կ՛ըլլամ:
Ինչպէ՞ս կարելի է կորուստը հաշուել դրամով, եւ ինչպէ՞ս կարելի է մեծ կամ փոքր գումար ստանալով՝ հատուցուած ըլլալու զգացում ունենալ:
Ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ բացուած դատով մեր իրականութեան մէջ հատուցման հարցը շօշափելի տեսք սկսաւ ունենալու: Այդ դատերը քաղաքական գնահատանքի չարժանացան մեր ազգային ղեկավարութեան կողմէ: Ստացուած գումարներուն բաշխումը եւս կատարուեցաւ դատական կարգադրութիւններով, որոնց միջամտելու օրինական իրաւունք ալ չունէր ազգը՝ որքա՛ն ալ բարոյապէս իրեն պէտք է մնար առնուազն վերահսկելու պատասխանատուութիւնը:
Հիմա նոյն կացութիւնը կը դիմագրաւենք երկու ամերիկահայերու կողմէ թրքական պետական դրամատուներու եւ Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատով, որով հատուցում կը պահանջուի բռնագրաւուած կալուածներու փոխարէն:
Երկու դատերուն պարագային ալ, իրաւաբանական աշխատանքին մէջ կան հայ փաստաբաններ, որոնց անձնական նախաձեռնութիւններուն խառնուելու իրաւունք չունինք անշուշտ:
Բայց նաեւ իրաւունք չունինք պատահականութեան թողելու այս տեսակի հարցեր, որոնց հետեւանքները, արձագանգները եւ որոնց նշանակութիւնը շատ աւելի լայն շրջանակ կ՛ընդգրկեն, քան դատի տէրեր յայտարարուած մարդոց իրաւունքներն ու պահանջները:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին հինգ տարի մնացած ըլլալուն համար հաւաքաբար տագնապելու ամէն պատճառ ունինք: Տագնապի հիմնական աղբիւրը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համազգային, համահայկական ռազմավարութեան մը պակասն է, առանց որուն, չենք կրնար գնահատել անհատական որեւէ նախաձեռնութիւն, նոյնիսկ չենք կրնար դատապարտել զանոնք, եթէ մեր կեցուածքը չէ հիմնաւորուած համընդհանուր ընդունուած սկզբունքներով: