ԼԻՒՍԻ ԽԱՐԱՃԵԱՆ-ՉՈՒԽԱՃԵԱՆ
Կիրակի, Յունիս 13ի յետմիջօրէին, մէկ երդիքի տակ համախմբուած էին արուեստասէր համազգայնականներ, կարօտով սպասուած «Համազգային»ի ընտանիքին նախաձեռնած պարային-երաժշտական երեկոյթին, «Պարնզտել» սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 6ին։
Ելոյթ կ՛ունենային Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի միամեայ «Սայեաթ Նովա» երգչախումբն ու «Նայիրի» պարախումբը, որոնց յաջորդեց Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի «Լոռի» պարախումբը, բոլորը համեմուած՝ քանոնահար Ալլայի երաժշտական գեղեցիկ կատարումներով։
Երեկոն եղաւ մերթ գունագեղ, «ռիթմիք», պարային, զարդարուած հայկական շքեղ ու հարուստ տարազներով, եւ մերթ մեղմ ու երաժշտական։ Բեմ բարձրացան զանազան տաղանդներ՝ ուշագրաւ կարողութիւններով օժտուած տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ։
Կլենտէյլի նորակազմ վարչութեան ատենապետուհի Ալին Պզտիկեանը, բարի գալուստ մաղթելով՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կատարողներուն եւ կազմակերպողներուն, ու բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն, այս երկար սպասուած հայաշունչ երեկոյթին առթիւ։
«Նայիրի» եւ «Լոռի» պարախումբերը յաջորդաբար բեմը ճոխացուցին Արամ խաչատուրեանի պարեղանակներով, ապա «Շալախօ»ով ու Արա Գէորգեանի «Արտաշատ»ով։ «Օտար Ամայի Ճամբէքի Վրայ» երգին երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, մենապարեց Լիլիա Մարգարեան՝ իր ստեղծագործ շարժումներով։ Իսկ «Մութն Ընկել Է» երաժշտութեամբ ու Ալլայի նուգակցութեամբ, Լորի Շիրաճեան, իր մատղաշ հասակին նկատառելի ինքնավստահութեամբ՝ ներշնչուած ու նազանքով մենապարեց. ապա, մերթ ընթ մերթ, միախառնուեցաւ «ռափ» երաժշտութիւնը եւ սեւամորթ մանչ մը մենապարեց գլուխն ի վար շարժմներով։ Լորի Շիրաճեան իր թաւշեայ հարուստ հայկական տարազով յաջողեցաւ բոլորին ու յատկապէս երիտասարդութեան ուշադրութիւնը գրաւել։
Ձեռնարկի երկրորդ բաժինին մէջ խօսք առաւ «Համազգային»ի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութենէն Մարիա Խարաճեանը, որ փոխանցեց «Սայեաթ Նովա» երգչախումբի պատգամը՝ հաստատելով, թէ հետեւողական փորձերու, զոհողութիւններու ու տքնաջան աշխատանքներու շնորհիւ է, որ ճարտարապետական գործի մը նման, օրէ օր, զարգացած ու իրականացած էր երեկոն՝ ի պատիւ խմբավարուհի Նորա Ռումեան-Պայրամեանին եւ այլ նուիրեալներու։
Ան յայտնեց, թէ սոյն ելոյթը կը նուիրեն խմբավարի վաղամեռիկ ամուսնոյն՝ Ստեփան Պայրամեանի, յիշատակին։ Վերջինս նոյնպէս երկար տարիներ ծառայած էր «Համազգային»ի շրջանային վարչութեան կազմէն ներս, ու մեծ դեր խաղացած սոյն երգչախումբի կազմաւորման աշխատանքներուն մէջ։
Երգչախումբը, հաճելի ելեւէջներով երգեց Ա. Պապաճանեանէն «Ազգ Փառապանծ»ը, ապա Ա. Թէլէլեանի դաշնաւորումով՝ «Երեւան»ը, կատարողութեամբ Սիւզի Մազմանեանի Եւ Սօսի Իշխանեանի։ Բ. Կանաչեանի «Հէլէ Հէլէ»ն մեներգեց Րաֆֆի Պայրամեանը, իսկ Ա. Յովհաննէսի «Եար Նազան»ին մեներգեց Արտա Սօսիկեանը՝ մեղմութեամբ տիրապետելով եղանակի ելեւէջներուն։ Աւարտը կատարուեցաւ Նորա Ռ. Պայրամեանի մշակումով ներկայացուած «Կարմիր, Կապոյտ, Ծիրանագոյն» երգի ու պարի համադրումով։ Բարի երթ կը մաղթենք նորակազմ երգչախումբին։
Երգչախումբէն ետք ներկաները ունկնդրեցին Խաչատուր Աւետիսեանի «Էլէկեան»՝ Ալլայի ու դաշնակահար Լալիկ Արզումանեանի կատարողութեամբ։ Այստեղ Ալլան բացատրողական մը տուաւ՝ ըսելով, թէ Խ. Աւետիսեան քանոնի լարերու համակարգը եւ ձայնանիշերը վերամշակած եւ պատշաճեցուցած է իւրայատուկ հայկական ոճին, որպէսզի յստակօրէն զանազանուի արաբական կամ այլ ազգերու քանոնեղանակներէն։
Յայտագիրի վերջին բաժինը աւարտեցաւ պարերով։ «Նայիրի»ին պատանիները ներկայացուցին պապիկներու «Կատակ Պար»ը, ու բոլոր պարախումբերը միասնական պարով մը փակեցին երեկոն։
«Համազգային»ի մասնաճիւղերը խանդավառ կերպով աշխատանքներու լծուած են եւ մօտիկ ապագային ունին բեղուն ծրագիրներ։ Կ՛արժէ քաջալերել։ Հետեւեցէք այդ ծրագիրներուն՝ մամուլի յայտարարութիւններուն ընդմէջէն: